«Ժամանակն Է, Որ Հայրենիքի Մէջ Լիզպոնի 5-ը Արժեւորուին Իբրեւ Հայութեան Ազգային Ազատագրական Պահանջատիրական Պայքարի Հերոսներ» Հաստատեց Յ. Հաւաթեան*

Հաւաքուած ենք 30-րդ անգամ ըլլալով` դարձեալ հաղորդուելու Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան պատգամով: Փոխուած են ժամանակներն ու պայմանները, հայ կեանքը անցնող 30 տարիներուն ապրած է կարեւոր հոլովոյթներ: Հաւաքական կեանքի մէջ արձանագրուած տեղատուութիւններ, նահանջներ եւ անշուշտ նուաճումներ արձանագրուած են վերջին 30 տարիներու մեր պատմութեան մէջ: Այդ բոլորը արժեւորուած են, թերեւս` տակաւին չափով մը, բայց արդարութեան վերականգնման համար, հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման համար, հայութեան հաւաքական նկարագրի դրսեւորումը կը շարունակէ մնալ նոյնը` իր վճռակամութեամբ, իր գաղափարական ընկալումով եւ քաղաքական զգաստութեամբ:

Ահաւասիկ 30 տարի ետք, դարձեալ կ՛այցելենք մեր հերոսածին տղոց, այստեղ հաւաքուած ենք իրենց ծնողներուն հետ, իրենց սերնդակիցներուն հետ, եւ նաեւ` իրենց պայքարը շարունակելու երդումը մշտանորոգ դարձնող նորահաս սերունդին հետ: Այո՛, հպարտառիթ ու ոգեշնչող է այս պահը: Հինգ անձնուրացներու գերմարդկային նուիրագործումը այս պահուն կը պարտաւորեցնէ մեզ սեղմելու, ճզմելու մեր մէջ անձնականը, անհատականը, հատուածականը, նիւթականը, պարագայականը եւ լեցուելու ամբողջական անկեղծութեամբ ու հաւաքաբար հերթական 30-րդ անգամ  զրուցելու իրենց հետ:

Շատ սիրելի Սեդրակ, Արա, Սիմոն, Վաչէ եւ Սարգիս,

Այսօր մենք ներկայ ենք այս ոգեկոչման հանդիսութեան` կազմակերպուած  այն սերունդին կողմէ, որ տակաւին իր աչքերը չէր բացած այս կեանքին, երբ դուք արդէն կը մեկնէիք ձեր գործը կատարած` հպարտ ու խրոխտ: Ձեր ծնողներէն շատեր անցնող երեսուն տարիներուն հրաժեշտ տուին այս կեանքին, այսօր ձեր բացակայութեան մենք կը յարգենք նաեւ ձեր աննման ծնողներու յիշատակը: Ձեր սերնդակիցները տակաւին հաստատ կ՛ապրին ձեր կարօտով, ձեր յիշատակներով ու կը փորձեն նորահաս սերունդին մէջ նաեւ անմար պահել ձեր վառած խարոյկը: Այստեղ հաւաքուած բազմութիւնը եւ պահանջատէր երիտասարդութիւնը կու գայ առաջին հերթին ըսելու ձեզի, սիրելի ու անմոռանալի տղաք, որ խարոյկը տակաւին անմար է եւ պիտի շարունակէ մնալ այդպէս…

Տեսէ՛ք, սիրելիներ, դուք 30 տարիներ առաջ լսած էիք Հայ դատի հետապնդման անխոնջ առաջամարտիկ եւ իր նուաճած քաղաքական- գաղափարական հարուստ շտեմարանով հայ կեանքին վրայ իր դրոշմը դրած ազգային գործիչ ու տեսլապաշտ ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանի հետեւեալ մտածումը, որ կ՛ուզենք այս պահուն նաեւ կրկին կիսել ձեզի հետ.

«Բովանդակ հայութիւնը կը մերժէ աշխարհի  ամէնէն հարուստ երկիրները եւ ամէնէն շռայլ հիւրընկալութիւնները եւ կը պահանջէ իր Վանը, իր Սասունը, իր Մուշը, իր Երզնկան, իր Տրապիզոնը, իր Կարինը եւ իր Կարսը:

«Կը պահանջէ միայն այս եւ ուրիշ ոչի՛նչ: Կը պահանջէ իր հայրենիքը, որովհետեւ գիտէ, որ հայրենի հողը անփոխարինելի է: Որովհետեւ քաջ գիտէ նոյնպէս, որ ամէն ազգ իր աշխարհագրական ուրոյն միջավայրին ծնունդն է եւ այդ միջավայրը իր հայրենիքն է եւ հոն` իր հայրենիքին մէջ միայն կրնայ ապրիլ իր հաւաքական բնականոն կեանքը, պահել ու զարգացնել իր հոգին, իրագործել ու ծաղկեցնել իր ինքնութիւնը եւ լծուիլ մարդկային ու պատմական իր առաքելութեան:

«Առողջ դատողութեան եւ քաջառողջ կեանքի միակ նշանը այս է:

«Այս նշանով միայն կարելի է փարատել անելը, մեր ներքին տագնապը` երիտասարդ ըլլանք թէ ծեր, անգիտուն թէ իմաստուն»:

Այս հաստատ համոզումով առաջնորդուեցաք դուք, այս պատգամը ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ ձեր թանկ արեամբ: Ձեր հաստատակամ որոշումով զայն քանդակեցիք ձեր սերնդակիցներուն եւ գալիք սերունդներուն հոգիին ու սրտին մէջ: Ձեր աքթը անձնասպանական գործողութիւն մը չէր, ոչ ալ` միջազգային ահաբեկչութեան մէկ դրսեւորումը: Այդ օրերուն եւ մինչեւ այսօր նաեւ շատեր կը փորձեն այս գերագոյն զոհաբերութեան հետ վերաբերիլ այդ ձեւով` լռեցնելու համար արդարութեան ձայնը, շեղելու համար հանրային կարծիքը անհերքելի իրականութենէն, նպատակ ունենալով մոռացութեան մատնել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայութեան անկորնչելի իրաւունքները: Դժբախտաբար այս խեղաթիւրման թակարդին մէջ անցնող ամիսներուն ներքաշուեցան նաեւ հայրենի մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ: Ազգային ազատագրական պայքարի ճամբով ազգային իրաւունքներու վերատիրացման համար ձեր ու ձեր նմաններուն կատարած գործին նկատմամբ բոլոր ժամանակներէ աւելի համայն հայութիւնը եւ այս պարագային անկախ Հայաստանի հողին վրայ ապրող ամէն հայ պարտաւոր է մնալու երկիւղած ու զգօն:

Դուք ամբողջական համոզումը եւ գիտակցութիւնը ունէիք ձեր կատարած գործին, դուք գաղափարական ու յեղափոխական երկունքի ծնունդ էիք, դուք հայութեան, համայն հայութեան աղաղակող ընդվզումը վերածեցիք մեծ ցնցումի, որպէսզի արդարութիւնը այլեւս ցնցուի, եւ մոռացութեան չտրուի համայն մարդկութեան դէմ գործադրուած ազգասպանութիւնը:

Այսօր անգամ մը եւս հարց կու տանք, որ այդ ի՞նչ կրակէ մկրտութիւն էր, որ առաջնորդեց ձեզ այս հերոսական խոյանքին: Սփիւռքացած հայը շատերու համար կը թուէր, որ այլեւս քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման նոր փուլ պիտի չկարենայ նուաճել, թերեւս փորձէ իր գոյութիւնը հայրենիքէն հեռու քիչ մը քարշ տալ ու յետոյ առյաւէտ կորսուիլ: Դուք եկաք ձեր վճռական ո՛չը ըսելու այս բոլոր վարկածներուն եւ սադրանքներուն: 30 տարուան կտրուածքով, այսօր հաւաքուած ենք դարձեալ զրուցելու ձեզի հետ, եւ անշուշտ` ձեզ հաղորդ պահելու մեր հաւաքական գործին ու հայ կեանքին մասին, որովհետեւ դուք միշտ տագնապող միտքն ու հոգին դարձաք հայութեան սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն, դուք ձեր կեանքը չմսխեցիք ժամանակաւոր վայելքներու եւ զբաղումներու մէջ, գիտցաք, որ կայ ձեր կեանքէն աւելի թանկ բան մը, եւ անոր տուիք ձեր ամէն ժամանակը, նաեւ` կեանքը:

Դուք հերոսներ էք, եւ մենք այսօր պարտաւոր ենք հերոսներու դիմաց դառնալու շատ աւելի յանձնառու, մեր խօսքն ու հաշուետուութիւնը պէտք է որ ըլլայ շատ աւելի պատասխանատու: Գիտենք, որ այսօր ալ դուք անհանգիստ էք, մտահոգ`  հայ կեանքով ու անոր սպառնացող բոլոր չարիքներով:

Սիրելի հերոսներ, այս տարի համայն հայութիւնը նշեց արցախեան ազատագրական պայքարին 25-ամեակը: Արցախեան ազատագրական պայքարին ու պահանջատիրական շարժումին վրայ ձեր անձնուրացութեան օրինակը մնաց սաւառնող: Արցախի պետականութեան կայացման գործընթացը այսօր կը պահանջէ համայն հայութեան բոլորանուէր մասնակցութիւնը: Արցախի վերաբնակեցումը եւ կենցաղային բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը նոյնքան կը պահեն իրենց կարեւորութիւնը եւ հնչեղութիւնը, ինչպիսին էր արցախեան ազատագրական պայքարի համաժողովրդային մասնակցութիւնը:

Հայաստանը ազատ ու անկախ է այսօր, հայ զինուորը արթուն պահակն է մեր հայրենիքի սահմաններուն: Հաստատ գիտցէք, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով կրնան ընկճել հայութիւնը: Շատ պիտի ուզէինք, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները նաեւ իրենց կարգին դառնային այս պարագային արթուն պահակը հայրենի պետականութեան կայացման, հայ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան: Օրէնքն ու հաշուետուութեան սկզբունքը դառնար գերակշիռ, հայ մարդը պաշտպանուած զգար ինքզինք հայրենի հողին վրայ, յարգուէին անոր քաղաքացիի ամբողջական իրաւունքները, երկրին մէջ տիրող դառնար արդարութիւնը եւ իշխանութիւն-ժողովուրդ փոխադարձ վստահութիւնը: Դժբախտաբար նոր սփիւռքայնացման վտանգաւոր գործընթացը ճնշող իրականութիւն է այսօր: Հայ մարդը կը լքէ իր հայրենի հարազատ հողը, հայ մարդը չ՛ապրիր անկախ հայրենիք կերտած ըլլալու հպարտանքը: Ձեր ու մեր ամէն բանէ վերը` ներկայ Հայաստանը, վաղուան ամբողջական հայրենիքի ողնասիւնը ամրացնելու հրամայականին տակ կը գտնուինք ազգովին: Խորհրդային կարգերու փլուզումը բաւարար չեղաւ, որ ազգային գաղափարախօսութիւնը հարազատօրէն ճառագայթէ մեր հայրենի հարազատ հողին վրայ: Այս ուղղութեամբ կը գիտակցինք, որ տակաւին շատ մեծ գործ ունինք կատարելիք ազգովի՛ն:

Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները թեւակոխած են նոր հանգրուան, ազգովին կը պատրաստուինք դիմաւորելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Այո՛, 100-ամեակը կոչուած է նոր որակ ու տարողութիւն տալու մեր պահանջատիրական երթին: Այս իմաստով հայութեան պահանջատիրութեան իրաւական հիմունքներու յստակացումը եւ ձեւակերպումը արդէն գտած է իր ճիշդ հունը, եւ ճանաչումէն դէպի հատուցում համազգային անցումը ու շարունակուող երթը մեզմէ կը պահանջեն յաւելեալ յանձնառութիւն եւ նոր ժամանակներու կարելիութիւններով օժտուած զգաստ ու հետեւողական աշխատանք: Հաստատ գիտցէք, որ թշնամիին հետ երկխօսութեան ծաւալման որեւէ փորձ կամ տրամադրութիւն ի սկզբանէ մերժուած է մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն կողմէ, որքան ալ մեծապետական հաշիւները եւ մեր փոքրիկ հայրենիքին վրայ բանեցուող ճնշումները բազմանան: Այս հարթութեան վրայ կասկած մի՛ ունենաք, որ կրնայ պատահիլ որեւէ զիջում կամ նոյնիսկ նուազագոյն տատանում: Մենք պիտի կերտենք նոր դարաշրջանի հայոց պատմութիւնը Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութեան անխորտակ կամքով ու միասնական պայքարով,  ի խնդիր հայութեան նոր ու վարդահեղեղ արշալոյսին, որուն ոտնաձայները, ձե՛ր ոտնաձայները այսօր կը լսուին շատ աւելի ուժգին եւ կ՛արձագանգեն ամէնուրեք:

Համառօտ այս ներկայացումէն անդին, սակայն,  վստահաբար կ՛ուզէք իմանալ նաեւ ձեր հնոցին մասին, ձեր հարազատ օճախին, կեդրոնական այս գաղութին ու անոր աշխատանքներուն եւ կացութեան մասին: Այստեղ եւս առկայ են շատ մը դժուարութիւններ:  Լիբանանահայ գաղութը կը պահէ իր աշխուժութիւնը, բայց գիտենք, որ ձեզի համար այս մէկը բաւարար չէ: Ճիշդ է, տղա՛ք, պարտաւոր ենք ըլլալու այս պահուն անկեղծ. օտարացումը` մեր միջավայրէն, մեր հաւաքական կեանքէն, սկսած է բոյն շինել գաղութի կարեւոր հատուածի մը մօտ: Մեր արժէքային համակարգին նկատմամբ անտարբերութիւնը եւ նաեւ շատ մը պարագաներու այդ արժէքներու անտեսումը, մեր հաւաքական կեանքի մէջ նկատուող թուլացումները կը մտահոգեն ձեզ եւ մեզ բոլորս: Հայ ծնողը ամօթի առանց որեւէ զգացումի հայ մատղաշ պատանին կը զրկէ հայեցի դաստիարակութեան կենսական սնունդէն ու աւիշէն, հայ ակումբէն, հայկական միութիւններէն: Երիտասարդական կարգ մը շրջանակներու մէջ նկատուող յոռի բարքերու եւ ախտավարակ երեւոյթներու դրսեւորումը կը հարուածէ մեր վաղուան պայքարը, կ՛ապաքաղաքականացնէ երիտասարդը, մինչեւ իսկ կը վտանգէ անոր ֆիզիքական գոյութիւնը: Հայկական թաղամասերու հայեցի ու բարոյական պայծառ դիմագիծի խաթարման երեւոյթները կը մտահոգեն բոլորս: Քիչ մը ամէն տեղ սկսած ենք ընտրել համակերպումի եւ դիւրին լուծումներու առաջնորդող ճամբան, որ չի նպաստեր այս գաղութի առաքելութեան ճառագայթումին: Տեղ մը համակարգուած ու նպատակասլաց գործունէութեան պակասը ու առաջնահերթութեանց անտեսումը սկսած են զգալի դառնալ մեր կեանքին մէջ: Ձեր ոտնաձայները այստեղ եւս պէտք է դառնան զգալի, սիրելի՛ տղաք:

Այո՛, դուք արդարօրէն պիտի ակնկալէք, որ գաղութը ամրօրէն տէրը կանգնի իր պատմական դերակատարութեան եւ առաքելութեան: Կառոյցներու եւ միութիւններու աշխատանքները դառնան հեռանկարային ու հետեւողական, օժտուին արդիապաշտ, բայց միեւնոյն ժամանակ ապագայապաշտ դիմագիծով ու խորքով: Նորահաս սերունդի դաստիարակութեան ու հայեցի կազմաւորման համար չսակարկել  ոչինչ: Մեր հաւաքական կեանքի մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար ներդրել գաղութին ամբողջական կարողականութիւնը: Մեր հաւաքականութեան կրծող յոռի բարքերը, սովորութիւնները եւ ախտավարակ երեւոյթները միանգամընդմիշտ դուրս շպրտել մեր մէջէն:

Աւելի՛ն. մեր երիտասարդութիւնը եւ անոր քաղաքական միտքը ներկայացնող հաւաքականութիւնը կ՛ուզէք տեսնել համահայկական օրակարգերու հետապնդման առաջին դիրքերու վրայ: Զանոնք կ՛ուզէք տեսնել մնայուն հաւատարիմ մեր յեղափոխական աւանդներուն եւ միաժամանակ` զինուած ներկայ աշխարի բոլոր քաղաքական ու գաղափարական վերիվայրումներուն դիմաց թումբ հանդիսացող ինքնավստահ կեցուածքով եւ զարգացման համապատասխան աստիճանով: Մեր երիտասարդութիւնը կ՛ուզէք տեսնել ամրօրէն կառչած իր սեփական ուժին, ինքնուրոյն տեսակէտին եւ առողջ մօտեցումին: Դուք, այո՛, մեծ համարում ունիք լիբանանահայ երիտասարդութեան վրայ, որովհետեւ ծանօթ էք այդ հնոցին, եւ ինչպէս պիտի ըսէր Եդուարդ Պոյաճեան` «Պայքարողին կը հաւատամ: Բայց իսկապէս պայքարողին, բայց մինչեւ վերջ պայքարողին, բայց մինչեւ խաչելութիւն յանձն առնող, մինչեւ ողն ու ծուծն իսկ տուող պայքարողին: Աննահանջ տղուն, փոթորկածաւալ հոգիով հայ երիտասարդին»: Այո՛, սիրելի տղաք, բոլոր ժամանակներէ աւելի այսօր կարիքը ունինք այդ փոթորկածաւալ հոգիով հայ երիտասարդին, որովհետեւ ան է, որ պիտի կարենայ սանձել մեր ներքին ուժականութիւնը հարուածող բոլոր փոթորիկները, զարգացնելու մեր կարողականութիւնը եւ աննահանջ պահելու մեր պահանջատիրական երթը:

Վստահաբար մեր զրոյցը կրնանք երկարել մեր աննման տղոց հետ, մնացեալը եկէք` ձգենք որ իւրաքանչիւրը զրուցէ առանձնաբար: Ընդունինք այն պատմական ճշմարտութիւնը, որ այս տղաքը դաստիարակութեան մը, մթնոլորտի մը եւ, անշուշտ, համահայկական անհրաժեշտութեան մը ծնունդ էին: Թող իրենց սերնդակիցները վկայեն իրենց համեստութեան, իրենց մարդկայնութեան, իրենց անբիծ նկարագրին մասին, եւ անոնք շարունակեն ապրիլ մեզի հետ, որպէսզի ապրեցնեն իրենց ու մեր դաւանած բոլոր իտէալներն ու գաղափարները…

Լիզպոնի հերոսները  իրենց հերոսական խոյանքով հայութեան մէկութեան ու հայրենիքի ամբողջականութեան խորհրդանիշները դարձան: Այսօր անոնց գործին վերարժեւորումը հայրենի հարազատ հողին վրայ ազգային մեր արժէքային համակարգը հարստացնող գործօն է անտարակոյս: Անկախ Հայաստանը կարիքը ունի անոնց համակող նկարագրին ու շունչին, անոնց պատգամին եւ, վերջապէս, անոնց երդումին: Այո՛, եկած է պահը, որ հայրենիքի մէջ կազմաւորուող սերունդներ իրենք իրենց ճանաչեն նաեւ Լիզպոնից: Հետեւաբար 30-ամեակի նշման այս նուիրական պահուն, Պուրճ Համուտի այս գերեզմանատան շրջափակէն, մեր ձայնը կը բարձրացնենք մինչեւ հայրենիք եւ արդարօրէն կ՛ըսենք` ժամանակն է, որ պետական մակարդակով արժեւորուին Լիզպոնի հինգը`  Սիմոն Եահնէեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Արա Գըրճըլեանը, հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի գաղափարով սնած եւ առանց հայրենիքը տեսած ըլլալու այդ հայրենիքին համար գիտակից որոշումով իրենց կեանքը զոհաբերած իբրեւ հայութեան ազգային ազատագրական պահանջատիրական պայքարի հերոսներ:

Եկէք` խոնարհինք հինգ անձնուրաց հերոսներու  յիշատակին դիմաց եւ հաւաքաբար վերանորոգենք մեր ուխտը` ամրօրէն կառչած մնալու անոնց աւանդին, շարունակելու անոնց բացած ուղիէն քալած յայտնի թէ անյայտ նուիրեալներու  երթը, մեր համազգային աննահանջ երթը` ի խնդիր մեր մեծ երազի իրականացման…

Վիտոշի լանջին բռնկած խարոյկն է, որ այսօր տակաւին կը շարունակէ բոցավառել մեր պահանջատիրական երթը, հայ յեղափոխութեան եզակի առաջնորդին հրեղէն պատգամն է, որ անմար կը պահէ հայ ժողովուրդի ազատութեան բագինը… կենդանի գործի ռահվիրայ մեծ տիտանին տիպարային ներկայութիւնը այսօր մնայուն շարժման մէջ կը պահէ մեր հաւաքական կեանքը, յեղափոխութեան բարոյական արժէքին եւ ուժին հանդէպ իր մեծ հաւատամքն է, որ մեր հաւաքական կեանքը կը դարձնէ մաքուր ու արդիւնաւէտ: Վիտոշի բազէն ճախրած է հայութեան երկնակամարին վրայ եւ Լիզպոնի անձնուրացներու գերմարդկային սլացքը կու գայ կենսաւորելու մեր անզուգական առաջնորդին` Քրիստափոր Միքայէլեանի մշտանորոգ պատգամը մեզի բոլորիս.

«Յարատեւ կռիւ, յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր ծաւալին, ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին: Պահպանե՛նք, շարունակե՛նք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով` յարատեւի, ահա՛ դէպի մեծ նպատակը տանող միակ ճանապարհը: Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ուժ, չշեղուենք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով…»:

Ուխտենք մնալ ականջալուր ու հաւատարիմ այս պատգամին:

 

*Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակի ձեռնարկին արտասանուած խօսք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )