Փոքրամասնութիւններու Վերադարձուած Կալուածները Անբաւարար Են
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Մինչեւ այսօր դիմումներուն 16 տոկոսը միայն վերադարձուեցաւ, երեք ամիսէն գործընթացը պիտի վերջանայ, կալուածագրերու գրասենեակները դժուարութիւններ կը ստեղծեն պահանջուած փաստաթուղթերը տալու համար:
«Թարաֆ» թերթը, որ վերջին օրերուն պատմաբան Թաներ Ագչամին հետ տեսակցած էր 1915-ին Հայերու լքուած գոյքերուն մասին, նաեւ հրատարակած է Հրանդ Գասպարեանին ստորագրութեամբ թղթակցութիւն մը, որուն մէջ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս բացատրութիւններ կու տայ այն կալուածներուն մասին, որոնք փոքրամասնութիւններուն կը վերադարձուին կամ… չեն վերադարձուիր: Վերջերս իֆթարի սեղանի մը վրայ վարչապետ Էրտողան ըսած էր, որ փոքրամասնութիւններուն վերադարձուեցաւ 2.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ կալուած: Ըստ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկասի, կալուածները վերադարձնելու գործընթացը շատ դանդաղ կը քալէ: Մինչեւ այսօր 1542 դիմում կատարուեցաւ եւ ատոնցմէ միայն 253-ը վերադարձուեցաւ: Ասիկա կը նշանակէ, որ դիմումներուն հարիւրէն 16-ը միայն վերադարձուեցաւ: Երեք ամսուան մէջ կալուածները վերադարձնելու գործընթացը պիտի վերջանայ: Մինչեւ այդ օր հաւանաբար այս 16 տոկոսը կրնայ հասնիլ մինչեւ 25 տոկոսի եւ` այդքան միայն:
Ըստ Լաքի Վինկասի, երկու տարիէ ի վեր շարունակուող գործընթացը շատ ալ գոհացուցիչ չէ փոքրամասնութիւններուն համար: 1542 դիմումներէն 253-ը վերադարձուեցաւ, 829-ը մերժուեցաւ, 460-ին մասին դեռ որոշում չտրուեցաւ, 18 կալուածներու մասին ալ ուրիշներու փոխանցուած ըլլալուն համար հատուցումի որոշում տրուեցաւ:
Դիմումներու կարեւոր մէկ մասը մերժուեցաւ եւ ասոր պատճառն այն է, որ դիմողները անհրաժեշտ փաստաթուղթերը չունին: Հակառակ որ բոլոր այդ փաստաթուղթերը կալուածագրերու գրասենեակներուն մէջ կան, իշխանութիւնները կը պահանջեն, որ դիմողները ապահովեն այդ փաստաթուղթերը: Իսկ այդ փաստաթուղթերուն ապահովումը չափազանց դժուար է: «Պետութիւնը մեզմէ ալ աւելի լաւ գիտէ, թէ ո՛ր ապրանքը որո՞ւ կը պատկանի» կ՛ըսեն փոքրամասնութիւնները:
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի Կալուածոց յանձնախումբի անդամ Շահին Կեզեր յայտնեց, որ վարչապետին յիշած, 2.5 միլիառ տոլար արժողութիւնը քիչ մը երեւակայական է: Եթէ բոլոր կալուածները անխտիր վերադարձուին, այն ատեն է որ թերեւս գումարը հոն կը հասնի: Գործընթացը դանդաղ կը քալէ, պետութիւնը շատ լաւ գիտէ, թէ ապրանքը որո՛ւ կը պատկանի, բայց փաստաթուղթ կը պահանջէ:
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքն ալ յայտնեց, որ Տիգրանակերտի եկեղեցին 190 կալուածներու համար դիմում կատարեց, բայց միայն 17 կալուած վերադարձուեցաւ: 173-ին սեփականութեան մասին որոշում չընդունուեցաւ: Այըք յայտնեց, որ այս կալուածներուն վերադարձուիլը Թուրքիոյ ի նպաստ պատկեր կը ստեղծէ: Հազարաւորներ եկան ու տեսան, երբ Ս. Կիրակոսը նորոգուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ: Ասոնք դրական զարգացումներ են:
Այըք եւս յիշեցուց, որ պետութեան կողմէ պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը արդէն կալուածագրերու գրասենեակներուն մէջ կան, ուստի անտեղի կերպով փաստաթուղթ կը պահանջուի եւ դժուարութիւն կը յարուցուի:

