ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ աշխատանքին նկատմամբ հաւատք ունեցող եւ միութեան նեցուկ կանգնող ընկերուհիներ երէկ կազմակերպեցին Համբարձման տօնի խրախճանք մը` հրաւիրելով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ ԼՕԽ-ի համակիրներ, որոնք յաճախ նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՛օժանդակեն ԼՕԽ-ի ձեռնարկներուն:
Հաւաքին նաեւ առիթ եղաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին իրարու հետ զրուցելու եւ ներկայացնելու այս կանացի կազմակերպութեան աշխատանքը` ներկաներուն ծանօթացնելով իւրաքանչիւր յանձնախումբի գործը, աշխատանքը եւ նպատակը:
Նկատի ունենալով, որ Համբարձման օրն էր, նաեւ պատրաստուած էին Համբարձման վիճակի թուղթեր եւ խօսքեր, որոնք ընթերցուելով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Մթնոլորտէն խանդավառուած նաեւ տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն եւ ներկաները փոխան նուէրներու իրենց նիւթական նուէրները տրամադրեցին, որովհետեւ այս հաւաքին նպատակն էր բարոյականի կողքին նաեւ նիւթապէս օժանդակել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան:
Վարձքը կատար կազմակերպող ընկերուհիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք յաճախ իրենց քսակները լայն կը բանան ԼՕԽ-ին` հաւատալով կանացի այս միութեան իւրաքանչիւր գործին եւ աշխատանքին:
Անգամ մը եւս գնահատելի եւ օրինակելի աշխատանք. թող վարակիչ դառնան այսպիսի աշխատանքները:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ