ՄԱԿ-ԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՀԱՅԵՐ ԿԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆ

Հիւրընկալութեան մասնակիցները

Հինգշաբթի, 26 մայիս 2011-ին, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան յարկին տակ, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչ Կարեն Նազարեան հիւրընկալեց «Հայեր ՄԱԿ-ին մէջ» համախմբումը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր տարիներէ ի վեր ՄԱԿ-ի մէջ աշխատող Լուսինէ Դերձակեանի եւ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքները համակարգող Հուրի Կէօտելեքեանի կողմէ, իրարու մօտ բերելու ՄԱԿ-ի զանազան կառոյցներուն մէջ աշխատող կամ ծրագիրներ հետապնդող հայ անձնաւորութիւնները: Աւելի քան 70 հայեր կը գործեն ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ` իբրեւ պաշտօնեաներ կամ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի ծիրին մէջ գործող կամաւորներ:

26 մայիսի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած անձնաւորութիւնները եկած էին խօսելու իրենց ազգակիցներուն հետ եւ իրարու հետ բաժնելու իրենց աշխատանքային փորձը: «Ամէն տարի այս ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ պիտի համախմբուինք մեր յաջողութիւնները նշելու, Հայաստանի անկախութիւնը տօնելու, քով-քովի բերելու ՄԱԿ-ին մէջ գործող հայերը եւ մեր ապագայ ծրագիրներուն մասին խորհրդակցելու», յայտնեց ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչ Կարեն Նազարեան:

Ձեռնարկի ընթացքին Լուսինէ Դերձակեան ըսաւ. «ՄԱԿ-ին մէջ գործող հայերուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր հիւրընկալութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար: Մենք մեզ կը զգանք մեր տան մէջ»: ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչ Մովսէս Աբէլեան, որ այժմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տնօրէնութեան մաս կը կազմէ, իր յիշողութիւնները պատմեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած էր այդ շէնքը վերածել Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքի: Հաւաքի եզրափակումին, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՕՄ-ի աշխատանքներու համակարգող Հուրի Կէօտելեքեան ըսաւ. «Հաճոյքը ունեցայ ՄԱԿ-ին մէջ գործող հայերու այս համախմբումի նորագոյն անդամը դառնալու»:

Share this Article
CATEGORIES