Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Յուշամատեաններու Երկրորդ Հատորը` «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»

Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:

Արդարեւ, յուշամատեաններու շարքին առաջինն էր «Ատանայի հայոց պատմութիւն» հատորը: Երկրորդը` «Պատմութիւն Տարօն աշխարհի», որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1956-57 թուականներուն` խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան:

Հատորը իր մէջ կը պարունակէ Տարօն աշխարհի, Մշոյ դաշտի, Սասունի եւ շրջակայքի աւանդութիւնները, բարքերը, սովորութիւնները, դիւցազնապատումն ու եղեռնապատումը, ինչպէս նաեւ «վերակենդանացումի ճիգերը եւ անոնց տխուր ու ողբերգական կորուստը»: Յարգելի խմբագիրը կատարած է լեզուական, շարահիւսական եւ կէտադրական սրբագրութիւններ: Տեղանուններու եւ անձնանուններու պարագային միատեսակութիւն որդեգրուած է, եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամբողջացուած են տեղանուններու, անձնանուններու, նկարներու եւ քարտէսներու ցանկերը:

Յայտնենք, որ Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» (2 հատոր), «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» յուշամատեանները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )