Դաշնակցական Կրտսեր Պատանիներու Բանակում` Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երեքշաբթի, 23 յուլիսի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Այնճարի պատանեկան միութիւններու բանակավայրին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կրտսեր պատանիներու տարեկան բանակումին:

Բանակումը առիթ կու տայ պատանիներուն բնութեան մէջ կազդուրուելու, աշխուժանալու եւ լիցքաւորուելու նորանոր գիտելիքներով ու պաշարով:

Այս բանակումը կը կրէր ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան 90-ամեակի թեման, որուն մասին բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ պատանեկան միութիւններուն Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Սագօ Արապօղլեան եւ բանակող  պատանիներուն փոխանցեց 90-ամեակի պատգամն ու խորհուրդը` անոնց մաղթելով յաջող եւ ուրախ բանակում մը:

Սագօ Արապօղլեան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով պատանիներուն` այս բանակումին ընթացքին իրենց լաւագոյնը կատարելու եւ առաւելագոյն չափով օգտուելու իրենց մատուցուած գիտելիքներէն ու տարբեր տեսակի աշխատանքներէն:

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կրտսեր պատանիներու 2013-ի տարեկան բանակումին կը մասնակցէին 84 պատանիներ, որոնք բաժնուած էին չորս խումբերու:

Խումբերը կը կրէին Լիբանանի մէջ նահատակուած դաշնակցական ղեկավարներու անունները` «Սարգիս Ազնաւուրեան», «Սարգիս Զէյթլեան», Աբօ Աշճեան» եւ «Զաւէն Թաշճեան», իսկ չորս խումբերուն մաս կազմող պատանիները կը կրէին չորս գոյնի թի-շըրթներ` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եւ ճերմակ:

Կրտսեր պատանիներու բանակումին ընթացքին տիրեց խանդավառ մթնոլորտ եւ կարգապահութիւն:

Նշենք, որ բանակումը իր աւարտին հասաւ կիրակի, 28 յուլիս 2013-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )