Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Հրաժեշտ Տուին Արցախին Եւ Հայաստանին

 

 

 

 

 

 

 

Արցախ տուած երկօրեայ այցելութեան առաջին օրը Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ազգային ժողովի դահլիճ, ուր Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Արցախի մասին սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց, անդրադարձաւ անոր պատմական-մշակութային արժէքներուն, զինուորական սխրանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան աւելցուց, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ կրնայ իր մասնագիտացումի ճամբով օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու Արցախին:

Երկրորդ այցելութեան վայրը Ստեփանակերտի զօրամասերէն 8-րդ պաշտպանական շրջանն էր, ուր ուսանողները ծանօթացան զինուորական առօրեային, ստացան ռազմավարական գիտելիքներ. հաւաքի մասնակիցները յանձնեցին մարզական սարքեր` իբրեւ խորհրդանշական նուէր:

Յաջորդ հանգրուանը Գանձասարն էր, ուր ուսանողներուն փոխանցուեցան տուեալ կոթողին մասին մանրամասնութիւններ: Օրուան վերջին կայքը Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանն էր. ֆորումականները ծանօթացան անոր կեանքին ու գործունէութեան, ապա այդ շինութեան կողքին` բնութեան գիրկը, Արցախի լեռներով շրջապատուած խորոված պատրաստեցին, կերան ու երգեցին մինչեւ կէս գիշեր:

Երկրորդ օրը ֆորումականները առաւօտեան այցելեցին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, ապա «Նարեկացի» արուեստի դպրոցը, ուր տեղի կ՛ունենայ «Արամ Մանուկեան» ճամբարը: Պանդոկ վերադառնալէ առաջ հաւաքի մասնակիցները կանգ առին Ջդրդուզ ու ծանօթացան Շուշիի ազատագրումը խորհրդանշող լերան: Կէսօրէ ետք խումբը մեկնեցաւ դէպի Տիգրանակերտի բերդ ու թանգարան:

Ստեփանակերտ վերադարձին, ֆորումականները այցելեցին ՀՅԴ երիտասարդական կեդրոն, ուր հանդիպում  ունեցան միութեան անդամներուն հետ:

Արցախի մէջ վերջին երեկոն եղաւ ճոխ ու խանդավառ. արդարեւ, երաժշտական խումբի մը ընկերակցութեամբ մասնակցողները վայելեցին անմոռանալի երեկոյ մը:

Ֆորումականները Արցախին հրաժեշտ տուին «Տատիկին ու պապիկին» խոստանալով դարձեալ այցելել:

Յաջորդ կանգառը Լաչինն էր, ուր ուսանողները Երեւանի պետական համալսարանի ծառատունկի ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին.  անոնք դիմաւորուեցան մեծ ոգեւորութեամբ, ինչպէս նաեւ տնկեցին եւ որդեգրեցին երեք ծառեր:

Տաթեւի վանքը եղաւ խումբին այցելութեան յաջորդ վայրը: Հրաշալի այս վայրը նոր թեւեր տուաւ ֆորումականներուն` ճոպանուղիով «թռչելու» ու հասնելու վանք, ապա խումբը կանգ առաւ Շաքէի ջրվէժին մօտ: Ճաշի կարճ դադարէ մը ետք հաւաքի մասնակիցները ճամբայ ելան դէպի Երեւան:

Հաւաքի նախավերջին օրը, առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Էջմիածինի Մայր տաճար եւ թանգարան, ապա` Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր կը գտնուի Րաֆֆիի «Խենթ»-ին շիրիմը: Այնուհետեւ խումբը այցելեց Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի եւ Զուարթնոցի տաճար:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութեան եւ տողանցքին:

Կիրակի, 28 յուլիս 2013-ը յատկանշական օր մըն էր ֆորումականներուն համար` տրուած ըլլալով, որ ուսանողական հաւաքը կը հասնէր իր աւարտին:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ յանձնախումբերը կը պատրաստուէին եզրափակիչ հանդէսին` կատարելով վերջին փորձերը:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանդէսը: Ֆորումականները հանդէս եկան պարով, խմբերգով, զուգերգով մը, նուագով եւ թատերական ներկայացումով: Մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէր ֆորումականներն ու անոնց առօրեան հաւաքին ընթացքին: Հանդէսի աւարտին խօսք առին Լիլիթ Գալստեան եւ Նորա Թաշճեան. բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակցութեան հաստատագիրները:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք «Պելաժիօ» ճաշարանին մէջ, ուր ֆորումականները պարով ու երգով անցուցին անմոռանալի երեկոյ մը:

29 յուլիսի առաւօտեան կարգ մը մասնակիցներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց երկիրները` յուզումով ու արցունքներով բաժնուելով իրենց ընկերներէն եւ խոստանալով, որ անգամ մը եւս հանդիպին հայրենիքի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )