Հայրենի Արուեստագէտ Սուրէն Խորէնեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

 

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ` երեքշաբթի, 30 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Սուրէն Խորէնեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ նշեց, թէ Խորէնեանի Լիբանան կեցութենէն օգտուելով կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որպէսզի լիբանանահայութիւնը արուեստագէտին աշխատանքներուն գծով կազմէ նախաճաշակ մը:

Նարեկ արք. Ալեէմեզեան

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ յայտնեց, թէ հայրենի արուեստագէտ Սուրէն Խորէնեան աւարտած է Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիան եւ 1992-ին դարձած է Նկարիչներու միջազգային միութեան անդամ: Ան աւելցուց, որ Խորէնեան ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Դեսպան Քոչարեան յայտնեց, որ Խորէնեան Լիբանան կը գտնուի երկու այլ հայ արուեստագէտներու կողքին մասնակցելու Ամշիթի միջազգային փառատօնին:

Իր կարգին, խօսք առաւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, որ «Փիւնիկ» հիմնադրամին անունով յաջողութիւն մաղթեց արուեստագէտին եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային Խորէնեան մեծ ցուցահանդէսով մը գտնուի Լիբանան:

Սուրէն Խորէնեան

Աւարտին, հայրենի արուեստագէտ Սուրէն Խորէնեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ «Ազդակ»-ին, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Յայտնենք, որ Խորէնեան ցուցահանդէսին ցուցադրած էր 17 գեղանկարներ` հայրենի բնութիւնը, եղանակները եւ հայկական արժէքները ներկայացնող: Գեղանկարները կը կրէին «Ամառ», «Նռան գինի», «Սիրոյ ծառ», «Արարատ», «Աշտարակի կիրճը» եւ այլ անուններ: Գոյներու հարստութիւնը, գեղարուեստական երանգները, բարձրորակ կիրարկումը եւ ոգին հարստացնող տուեալներ են գեղանկարներուն մէջ:

Հայրենի արուեստագէտ Սուրէն Խորէնեանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի այսօր եւ վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ :

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )