Ակնարկ. Անգարայի Հոգեհերձուածական Կեցուածքները
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն իշխանութեան տապալումին առնչութեամբ արտայայտած կարծր կեցուածքներէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ 25 յուլիսին յայտարարեց, որ բոլոր կողմերը պէտք է համագործակցին Եգիպտոսը իր բնական կացութեան վերադարձնելու համար` աւելցնելով, որ «եղածը եղաւ. Եգիպտոսի ապագան պէտք չէ կորսուի»: Ան արդէն մէկ օր առաջ Եգիպտոսի ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղած էր այդ երկրին ժամանակաւոր նախագահին, ինչ որ ուշագրաւ քայլ մըն էր` նկատի ունենալով, որ Էրտողան քանի մը օր առաջ յոխորտացած էր, որ մերժած է Եգիպտոսի փոխնախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ, որովհետեւ վերջինս ընտրովի պաշտօնատար մը չէ, այլ` յեղաշրջումի հեղինակներուն կողմէ նշանակուած:
Կեցուածքներու այս հակասութիւնը Կիւլ-Էրտողան տարակարծութեան մը արդիւնքը չէր, այլ պարզապէս դերերու հերթական բաշխում մը, որովհետեւ ինչպէս «Հիւրրիյէթ տէյլի նիուզ» կը հաղորդէ, այդ նամակը յղելու որոշումը որդեգրուած է նոյն օրը տեղի ունեցած Թուրքիոյ կառավարութեան արտակարգ նիստին ընթացքին: Աւելի՛ն, Կիւլի բանբեր Ահմեթ Սեւեր հետագային «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նամակը «գրուած եւ ուղարկուած էր կառավարութեան առնչակից մարմիններուն (իմա արտաքին գործոց նախարարութեան եւ վարչապետութեան) հետ խորհրդակցաբար»: Սկիզբի կարծր կեցուածքներէն ետդարձի քայլը նախարարաց խորհուրդին մաս չկազմող եւ «ծիսական» պաշտօնի տէր նախագահին վստահիլը թրքական կառավարութիւնն ու վարչապետը վարկաբեկումէ պաշտպանելու կամ որդեգրուած քայլին ժխտական ազդեցութիւնը մեղմացնելու փորձ մըն է, որ չի կրնար իրողութիւնը ծածկել. ի վերջոյ, նախագահը եւս Թուրքիոյ իշխանութեան մաս կը կազմէ: Ուրեմն այստեղ մտահոգութեան առանցքը Էրտողանի անձնական վարկին պաշտպանութիւնը կը թուի ըլլալ:
Վերոնշեալ նախարարական արտակարգ նիստը գլխաւորաբար յատկացուած էր Սուրիոյ զարգացումներուն, որոնց մէջ վստահաբար առաջնահերթը ՔԱԿ-ի առնչուած Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ Քայիտայի առնչակից Ժապհաթ Նուսրա զինեալ խմբաւորման Թուրքիոյ սահմանակից Ռասուլ Այնէն վտարումն ու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջանի մը ուրուագծուող հեռանկարէն բխող թրքական մտավախութիւններն էին:
Անգարա քրտական նշեալ կուսակցութեան ղեկավարը Պոլիս հրաւիրելով անոր հետ փոխադարձ հասկացողութիւն մը գոյացուց: Քայիտայի հակազդեցութիւնը չուշացաւ. միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութեան սոմալական թեւ Շապապը Մոկատիշուի մէջ ականահարեց Թուրքիոյ դեսպանատունը: Նշեալ փոխադարձ հասկացողութիւնը գոյացնելէ ետք, թրքական իշխանութիւնները շրջանին մէջ իրենց համար ստեղծուած վատ կացութենէն քիչ մը շունչ քաշեցին եւ դարձեալ կարծրացուցին Գահիրէի նկատմամբ իրենց կեցուածքը: Էրտողան վերստանձնեց «առաջին ջութակահար»-ի դերը եւ շաբաթ օր Գահիրէի Ռապիա Ատուիյէ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բախումները եգիպտական իշխանութեանց կողմէ գործուած «ջարդ» մը նկատեց, իսկ զոհերը` «նահատակներ»: Աւելի՛ն, ան դարձեալ կոչ ուղղեց Իսլամ եղբայրներու ընտրովի կառավարութիւնը վերականգնելու:
Բացառուած չէ, որ Անգարա իր կեցուածքը դարձեալ շրջէ: Ատիկա գործնական գետնի վրայ տեղի պիտի ունենայ, երբ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ահմեթ Եըլտըզ իր հաւատարմագիրները յանձնէ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի:
Կը մնայ տեսնել, թէ եգիպտական կողմը մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժէ Անգարայի հոգեհերձուածական կեցուածքները: