«Մեր Թաղամասերուն Մէջ Մարտեր Չեն Ընթանար» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ յայտնեց, որ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ վերջին շրջանին իրավիճակը հիմնականին մէջ հանդարտ է, եւ նոր միջադէպեր չեն արձանագրուած:

«Ի հարկէ, պատահական, ինչպէս նաեւ արձակազէններու կողմէ արձակուած փամփուշտներու վտանգը միշտ ալ կայ, սակայն ընդհանուր առմամբ, մեր թաղամասերուն մէջ մարտեր չեն ընթանար», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Հալէպի մէջ ընդհանրապէս կարճատեւ մարտեր կ՛ըլլան, սակայն անոնք առայժմ հեռու են հայկական թաղամասերէն:

Ռէյիսեանի համաձայն կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բուռն մարտերը հիմնականին մէջ բաց գօտիներու մէջ են: «Այդպիսի գօտիներուն մէջ կողմերուն միջեւ կ՛ընթանան կատաղի մարտեր, որոնց ժամանակ կ՛օգտագործուին շատ աւելի վտանգաւոր եւ ծանր զէնքեր», ըսաւ ան:

Առեւանգուած Սուրիահայ Երկու Պատանիները
Ազատ Արձակուած Են

Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ 28 յուլիսին առեւանգուուած երկու հայ պատանիները ազատ արձակուած են: Անյայտ անձինք կանգնեցուցած էին Սուրիայէն Թուրքիա` Այնթապ քաղաք մեկնող մեքենան, առեւանգած երկու հայ պատանիները եւ կիները ազատ արձակած: Այժմ պատանիները նոյնպէս Սուրիոյ ապահով վայրի մը մէջ ազատութեան մէջ են:

Շաբաթ օր առեւանգուած չորս երիտասարդներու ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, թէեւ վերադարձնելու յոյսը մեծ է: Իսկ անոնց հետ Թուրքիա տեղափոխուած հայ կիները արդէն հասած են Հայաստան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )