Եգիպտական Օրակարգով Ֆաթհ-Համաս Բանավէճ

Համաս շարժումը երէկ Կազայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ Պաղեստինեան իշխանութենէն եւ Ֆաթհ շարժումէն պաշտօնատարներ եգիպտական լրատուամիջոցներու մէջ «դիմադրութեան եւ պաղեստինցիներուն» վարկը կ՛աղաւաղեն: Շարժումը կոչ ուղղեց Եգիպտոսի մէջ պաղեստինցիներուն նկատմամբ կիրարկուող ցեղապաշտութիւնը դադրեցնելու` նշելով, որ Իսրայէլ այս «սատանայական եւ կազմակերպուած արշաւներէն» մեծագոյն օգտուողն է: Շարժումը հրապարակեց այն փաստաթուղթերը, որոնք ցոյց կու տան, թէ Պաղեստինեան իշխանութիւնը եգիպտացիները Համասի դէմ կը գրգռէ:

Պաղեստինեան գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար զօր. Մաժետ Ֆարժ հերքեց Համասի հրապարակած փաստաթուղթերուն ճշմարտացիութիւնը` այդ փաստաթուղթերը նկատելով անհեթեթ եւ պատասխանի անարժան` նշելով, որ «Համաս արաբական աշխարհին մէջ Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան տապալումէն ջղագրգիռ դարձած է»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )