Հասանով Ամերիկեան Հասարակական Կազմակերպութիւնները Կ՛ամբաստանէ Այլ Երկիրներու Ներքին Գործերուն Միջամտելու Եւ Նախագահները Գահընկէց Ընելու Յանցանքով
Ազրպէյճանական Trend.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով ամերիկեան հասարակական կազմակերպութիւնները ամբաստանած է այլ երկիրներու ներքին գործերուն միջամտելու եւ անոնց նախագահները պաշտօնանկ ընելու յանցանքով:
Ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան այս յայտարարութիւնը կատարած է Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին տեղի ունեցող «Հիմնարկներու եւ լրատուամիջոցներու դերը ընտրական հոլովոյթին մէջ» խորագիրով դասախօսութեան ընթացքին:
«Աշխարհի վրայ կան շուրջ 100 հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք ստեղծուած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին որոշումով եւ որոնց տարեկան մինչեւ 200 միլիառ ամերիկեան տոլար կը յատկացուի: Թէ ի՛նչ նպատակով կը յատկացուին այդ ելեւմտական միջոցները, գիտեն միայն Միացեալ Նահանգներն ու այն երկիրները, որոնք այդ հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ ճնշումներու կ՛ենթարկուին: Որոշ պարագաներու անոնք կը միջամտեն օտար երկիրներու գործերուն, գահընկէց կ՛ընեն օրինական ճամբով ընտրուած նախագահները, կ՛իւրացնեն այդ երկիրներու եկամուտները», յայտարարած է Հասանով:
Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժանմունքի ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն կատարող միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ նշած, որ անոնք ալ շատ յաճախ ընտրութիւնները կը գնահատեն` առաջնորդուելով այլ երկիրներու շահերով:


