Թուրքիա Եգիպտոսի Հետ Շարք Մը Համաձայնագիրներ Առկախած Է

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա առկախած է Եգիպտոսի հետ շարք մը համաձայնագիրներ` փոխադրամիջոցներու, կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ:

Առկախուած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 2012-ին Եգիպտոս կատարած այցելութեան ընթացքին ստորագրուած 27 համաձայնագիրներէն քանի մը հատը:

Կը նշուի, որ դադրեցուած են նաեւ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ ծովային բեռնափոխադրումները: Բացի ատկէ, Թուրքիա դադրեցուցած է անօդաչու թռչող սարքերու վաճառքը Եգիպտոսին: Դադրեցուած են նաեւ թուրք-եգիպտական միացեալ ռազմափորձերը:

Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս յայտնած էին, որ Էրտողան յայտարարած էր, թէ Թուրքիա անպատասխան պիտի չձգէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Թուրքիոյ վարչապետը քննադատած էր Եւրոպական Միութիւնն ու ՄԱԿ-ը:

Միւս կողմէ, եգիպտական «Մութամար» կուսակցութեան ղեկավար Ամր Մուսա յայտնեց, որ «Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները միջպետական են եւ պէտք չէ կուսակցութեան մը եւ հատուածի մը միջեւ ըլլան»:

Գահիրէ Թուրքիոյ դեսպանը կանչելով` թրքական քայլին գծով բողոք մը ներկայացուց:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )