Ռուսիա Կոչ Կ՛ուղղէ` «Ժընեւ-2»-ի Մէջ Քիւրտերուն Ներկայացուցչութիւնը Երաշխաւորելու. Սուրիացի Քիւրտ Բարձրաստիճան Ղեկավար Մը Գամիշլիի Մէջ Ահաբեկուեցաւ
Սուրիոյ Քրտական բարձրագոյն խորհուրդի 10 անդամներէն Իսա Հուսօ հիւսիսային Սուրիոյ Թուրքիոյ սահմանակից Գամիշլի քաղաքին մէջ ահաբեկուեցաւ: Ան սպաննուեցաւ, երբ երեքշաբթի առաւօտ քաղաքի Քոռնիշ թաղամասին մէջ գտնուող իր բնակարանէն դուրս եկած ատեն անոր ինքնաշարժին մէջ զետեղուած ական մը պայթեցաւ:
Քրտական բարձրագոյն խորհուրդին մաս կազմող Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան Եւրոպայի բանբեր Նաուաֆ Խալիլ «Եու.Փի.Այ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին դատապարտեց «սուրիացի քիւրտ քաղաքական գործիչ Իսա Հուսոյի ահաբեկումը»` աւելցնելով, որ Հուսոյի կշիռը ունեցող անձի մը ահաբեկումը «կուսակցութեան մէջ մեզի համար, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բոլոր քրտական կուսակցութիւններուն յստակ պատգամ մըն է, որ կը սպառնայ ղեկավար անձնաւորութիւններուն եւ քրտական շրջաններուն մէջ կայունութիւնը հարուածել»:
Կուսակցութիւնը նաեւ նշեց, որ այս արարքին նպատակը Գամիշլի քաղաքին մէջ քիւրտերուն եւ արաբներուն միջեւ սադրանք յառաջացնելն է, որովհետեւ քաղաքը ժիհատական կազմակերպութեանց կողմէ իրերայաջորդ յարձակումներու կ՛ենթարկուի: Կուսակցութիւնը այդ կազմակերպութիւնները «եւ այլ կողմեր» ամբաստանեց Հուսոյի սպանութեան յանցանքով:
Խալիլ քննադատեց քրտական շրջաններուն դէմ ժիհատական խմբաւորումներուն եւ մասնաւորաբար Ժապհաթ Նուսրայի կատարած յարձակումներուն նկատմամբ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի եւ Սուրիական ազատ բանակի լռութիւնը:
Ան ըսաւ, որ իրենց կուսակցութիւնը ձեռնածալ պիտի չմնայ ի տես այս ոճիրին` խոստանալով անոր հեղինակները ներկայացնել «ժողովուրդի դատաստանին», որպէսզի ստանան իրենց «արդար պատիժը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մէջ այլ ուժերու հետ հաւասարութեան սկզբունքով սուրիացի քիւրտերուն ներկայացումը երաշխաւորելու, որպէսզի անոնք այդ խորհրդաժողովին ընթացքին իրենց ձգտումները ներկայացնեն ու զանոնք պաշտպանեն սուրիական համապարփակ քաղաքական հոլովոյթի մը ծիրին մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց, որ մայիսին Քրտական բարձրագոյն խորհուրդէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մէջ քրտական ներկայացուցչութիւնը երաշխաւորելու համար օժանդակութիւն կը խնդրուէր, որովհետեւ քրտական մտահոգութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանցման համար կառավարութիւնը կամ որեւէ ընդդիմադիր կողմ կարելի չէ լիազօրել: Նախարարութիւնը նշեց, որ «Մոսկուա կը հասկնայ այս կեցուածքը, որ ցուցանիշն է սուրիացի քիւրտերուն ձգտումին` ապրելու միացեալ, ժողովրդավար եւ անկախ Սուրիոյ մէջ, ուր կրօնի, լեզուի, յարանուանութեան հիմամբ բաժանում չկայ, եւ բոլոր յարանուանութեանց իրաւունքները երաշխաւորուած են: