ԱՐՁԱԳԱՆԳ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԱՆՆՄԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆԸ ՅԱՐՈՒԹ ՓԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆ` ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ

Հայ ժողովրդական երգարուեստի 35 տարիներու վաստակ մը ետին թողած Յարութ Փամպուքճեան եկաւ Լիբանան` տասը տարիներու բացակայութենէ մը ետք: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնն էր կազմակերպողը երգահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 31 մայիս 2011-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ, ուր ներկայ եղան 3500 հանդիսականներ` բոլորն ալ հմայուած` Յարութին իւրայատուկ ոճով մեկնաբանուած երգարուեստով:

Յարութ կու գար Լոս Անճելըսէն, ուր բնակութիւն հաստատած է երկար տարիներէ ի վեր, երգարուեստի մշակումով ինքնուրոյն արուեստի մը տիրանալէ ետք: Արդէն ան ձայնագրած է տասնեակ մը ձայնասկաւառակներ` հայրենասիրական, ազգագրական, ժողովրդային եւ քնարաշունչ երգերով: Սիրոյ մարզը տիրապետած է իր երգացանկին վրայ, ան երգեցողութեան կու տայ արդիաշունչ աշուղական միսթիք արտայայտչականութիւն, որ սրտառուչ է, հոգեթով ու առինքնող: Կարեւոր չէ ձայնային լարերու աստիճանաւորումը, թէ ո՛ւր կը բարձրանայ եւ ո՛ւր կը մեղմանայ, կենսականը կարենալ երգին ուժը ցոլացնելն է, ունկնդիրին հոգիին մէջ հնչող արձագանգումը արտայայտելը:

Յարութ Փամպուքճեանի երգ ընտրելու ճաշակը ունի յատուկ հաղորդականութիւն, որովհետեւ այդ երգերուն խօսքերը պատահական ու մակերեսային չեն, այլ` հեղինակաւոր բանաստեղծներու քերթողութեան շնչառութեամբ օծուած: Նոյնն է պարագան երաժշտական յօրինումին, ուր կը հանդիպինք համբաւաւոր երգահաններու ստորագրութեան: Անուններ թուարկելէ կը խուսափինք` չմոռնալու համար հեղինակի մը անունը, որովհետեւ բազմաթիւ են անոնք` իբրեւ բանաստեղծներ եւ յօրինողներ:

Վերադառնանք 31 մայիսի երգահանդէսին: Բեմին վրայ Յարութը շրջապատած են իր հինգ երաժիշտ վարպետները, որոնք ընտելացած Յարութի կշռոյթին, կը նուագեն ու կ՛ապրին երաժշտութեան խորքային իմաստով: Անոնք գիտեն, թէ Յարութ ե՛րբ ընթացք պիտի տայ պարային պատկերներու, ե՛րբ պիտի խօսի հանդիսականներուն հետ, կամ հետեւի անոնց խանդավառուած տրամադրութեան:

Երգացանկը գունագեղ է: Չէինք լսած հանդիսութեան մը բացման «Մեր հայրենիք» քայլերգը երգող երգիչ մը: Յարութին քով ամէն շարժում նորութիւն է:

«Հայի աչքերով» կը փառաւորուի հայուն բարեմասնութիւնը: «Որեւէ ազգ չունի հայուն աչքերուն նման գեղեցիկ աչքեր», կը հաստատէ Յարութ, իսկ ներկաները կը համաձայնին իրենց ծափողջոյններով: Կը հետեւի «Ասմար աղջիկ»ը, յետոյ` «Արի արի»ն: Արդէն պարելու տրամադրութիւնը կը ջերմանայ հետզհետէ: Յարութ բեմէն վար կ՛իջնէ, կը մօտենայ հանդիսականներուն, որոնցմէ դալար դաշտ կ՛իջնեն խումբ խումբ, մերթ մենապարով, ապա` շուրջպարով: Սրտառուչ է «Անվերադարձ» յուզիչ երգը: Դժբախտ սէրերու փորձառութեամբ վիրաւոր սիրտեր կը թափանցեն երգին փոխանցած տառապանքին, զոր Յարութ կը զգացնէ ամենայն անկեղծութեամբ:

Յարութին մտերմութիւնը երգարուեստի ոլորտին մէջ հարազատ կապ մը ունի Ռուբէն Հախվերդեանի հետ, որուն յօրինած (խօսք եւ երաժշտութիւն) «Կարմիր կակաչները»` Ղարաբաղի նահատակներուն ի յուշ, նոր ու յուզական տրամադրութեամբ կ՛ողողէ ներկաներուն սիրտերը: Յետոյ… Յետոյ` «Ո՞ւր էիր Աստուած», որուն մասին կը պատմէ իր յուշերը, Դամասկոս-Հալէպ ճանապարհին ունեցած հայորդիէ մը, որ կ՛արժանանայ թաւալուն ծիծաղի: «Աման Ալլահ»ի դրուագը անմոռանալի պիտի մնայ այս պատմութիւնը լսողներուն համար:

Յարութ գիտէ յուզականէն ուրախ տրամադրութեան անցնելու պահերու անհրաժեշտութիւնը: «Սիրելիս» սիրային վիպերգը դարձեալ կու գայ քաղցրացնելու սիրողներու սիրտերը: Ապա` «Տարիներ անցան»: Քիչ ետք համընդհանուր խանդավառութիւն` «Զոքանչը» ներկայացնելու, զայն ծանօթացնելու: Հոս կարելի չէ սանձել ոգեւորութիւնը: Դալարիքը կը յորդի երկսեռ երիտասարդ պարողներով: Տո՛ւր որ կու տաս: Հիացայ մեր երիտասարդութեան ցնծութեան եւ մտովի ըսի. «Աստուած պահէ նոր սերունդը»: Այս սերունդը գիտէ երգել ու պարել, կը ձայնակցի Յարութի երգերուն, եւ կը պարէ արհեստավարժ պարողի նման: Փա՜ռք Համազգայինի պարարուեստի դպրոցին եւ մեր հայկական վարժարաններուն մէջ ուսուցանուող պարային դասընթացքներուն…

Հիմա քիչ մըն ալ ազգայնաշունչ երգեր. «Արդեօք ովքեր են» եւ համաշունչ արձագանգ դէպի եթեր. «Հէ՜յ, հէ՜յ»…

Վերջին երգն է «Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան»: Յուզում, ցնծութիւն, ապա Յարութին մեծ խոստովանանքը. «Չեմ տեսած հայրենասէր զաւակներ, այսքան ջերմ հայրենասէրներ` բացի Լիբանանէն եւ Սուրիայէն. Հայաստանի մեր հայրենակիցները պէտք է հայրենասիրութիւն սորվին…»:

Այս մեծ բարենիշը կը խանդավառէ ներկաները` ծափերով: Միւս կողմէ երաժիշտները կը թնդացնեն դաշտը, ոչ ոք կ՛ուզէ շարժիլ իր աթոռէն: Բայց Յարութ արդէն երգած է երկու ժամ եւ քառորդ: Գիշերը յառաջացած է, պէտք է հրաժեշտ առնել Յարութէն` նոր հանդիպումներու խոստումով:

Շնորհակալութիւն Համազգայինին եւ իր ձեռնարկներուն, զօրավիգ մեր ազգանուէր հաստատութիւններուն, բարերարներուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որոնց համակարգուած մասնակցութեամբ, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ կարելի կը դառնան նման բացառիկ երեկոներ:

Շունչդ անսպառ Յարութ, կեցցե՛ս Յարութ…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

1 յունիս, 2011

Share this Article
CATEGORIES