ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ. «ԴՈՒՆ ՁՈՒԿ ՉԵՍ»

Ներկայացումէն պահ մը

Մի՛ լար` Ահմետ, ձեռքդ զէնքին մի՛ նետեր, մօրս գլխուն վրայ երդում ըրէ, որ այս ծանր օրերը վերջ պիտի գտնեն… «Մեծ ձուկը պզտիկ ձուկը կ՛ուտէ»`  կ՛ըսեն. սուտ է… դուն ձուկ չես, Ահմե՛տ, դուն ձուկ չես, Գայեանէ՛…

Միհրան Թովմասեան պոլսահայ պարող մըն է, որ վերջերս սկսած է ներկայացնել «Դուն ձուկ չես» խորագիրը կրող գործը, որ նուիրուած է Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքին: Ան Լիբանան կը գտնուի անձնական նախաձեռնութեամբ, եւ երէկ հինգշաբթի, 2 յունիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին Մար Մխայէլի «Plan Bey» արուեստի կեդրոնին մէջ ներկայացուց այս գործը` ներկայութեամբ մեծամասնութեամբ երիտասարդ արուեստասէրներու:

Գետինը ծալլապատիկ նստած ներկաները անհամբեր կը սպասէին, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի: Ներս մտաւ երիտասարդ մը` մեծ պայուսակով: Ան այդ պայուսակէն հանեց ձայնագրութեան գործիքներ, խօսափող, ձայներիզներ եւ տաբատ մը: Այդ բոլորին գործածութեան նպատակը շատ շուտով յստակ դարձաւ բոլորին, եւ ան իր պարին ու կենդանի շարժումներուն միջոցով ներկայացուց Հրանդ Տինքը` իր սպանութեան պահուն, գետինը` իր վերարկուն, տաբատը եւ կօշիկները, իսկ կարմիր վզկապը կը ներկայացնէր Տինքի արիւնը, որ թափուեցաւ խօսքի ազատութեան սիրոյն: Ապա Ռուբէն Հախվերդեանի «Իմ փոքրիկ նաւակ» երգին ընկերակցութեամբ ձայներիզին թելերը շրջապատեցին սենեակը եւ անցնելով ներկաներուն մատներէն կազմեցին բոլորը իրարու զօդող երիզ մը, որ կը խորհրդանշէր Հրանդ Տինքի ստեղծած կապը հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, այն երկխօսութիւնը, որ ան փորձեց ստեղծել երկու ազգերուն միջեւ եւ որ իր սպանութենէն ետք դարձաւ աւելի ուժեղ:

Ներկայացումը փակուեցաւ իւրայատուկ երկաթէ մը կտորի հանած ձայնով, որ արուեստագէտին զգացումը կը խորհրդանշէր: Միհրան Թովմասեանի հետ մեր ունեցած զրոյցին ընթացքին ան ըսաւ, թէ ինք այդ ձայնը լսած է, երբ իրեն փոխանցած են Հրանդ Տինքի սպանութեան լուրը:

Յայտնենք, որ Թովմասեան Փարիզի եւ Պոլսոյ մէջ ներկայացուցած է այս գործը ոչ միայն թատրոններու, այլեւ տուներու մէջ, իսկ պատգամը` մէկ նախադասութիւն է` խօսքի ազատութեան ու գաղափարի համար մարդ պէտք չէ սպաննուի:

Ան իր ներկայացման ընթացքին փորձեց գունաւոր թղթիկներու միջոցով ներկաներուն ըսել, թէ պատերազմի փոխարէն սէր եւ խաղաղութիւն պէտք է տարածել:

 

Share this Article
CATEGORIES