«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ` «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՄԵՐ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԶԷՆՔՆ Է» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Արամ Ա. կաթողիկոս` մրցանակակիր աշակերտներուն հետ

Հայ լեզուի, գրականութեան  ու հայոց պատմութեան, երգի ու ասմունքի մէջ նոր սերունդի յառաջդիմութեան նպաստող խթան եղան յաջորդական երկու տարիներէ ի վեր «Խայիկ Պապիկեան» հիմնադրամին անունով կազմակերպուող մրցումները:

Հայ նոր սերունդի, հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան մէջ հայեցի դաստիարակութեան զարկ տուող այս ծրագիրը մշակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ընկալուած գաղութի նորահաս սերունդին կողմէ:

Երէկ` հինգշաբթի 2 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կաթողիկոսարանի «Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ սոյն հիմնադրամի այս տարուան մրցումին եզրափակումը` մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը:

Յանուն «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի մրցումի կազմակերպիչ յանձնախումբերուն բացման խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ երկու տարիներու փորձառութեան, արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ նկատելի թերութիւններուն: Ան նշեց, որ երկրորդ տարին աւելի ինքնավստահութեամբ յատկանշուեցաւ` աւելի եւս բծախնդրութիւն պահանջելով թէ՛ մասնակցող թեկնածուներէն եւ թէ՛ հարցարաններու պատրաստութեան մարմիններէն:

Հայ լեզուի ու գրականութեան մրցանքի զեկուցումը ներկայացուց տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, որ շնորհաւորելով ներկաները, մրցանակը բաշխուած տեսաւ ո՛չ միայն զայն շահող աշակերտներուն միջեւ, այլ նաեւ անոնց պատկանած դպրոցներուն ու ծնողներուն: Այս եռեակը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ներկայացուց տոքթ. Եղիայեան` մաղթելով, որ անքակտելի միութիւն ըլլայ անիկա: Մանրամասնօրէն ներկայացնելով ներկայ հայերէնագիտութեան մակարդակը մեր աշակերտութեան մօտ` ան ըսաւ, թէ պէտք չէ զեղչումներու ենթարկել հայերէն դասապահերը յօգուտ օտար լեզուներու ուսուցման:

Հայոց պատմութեան յանձնախումբի անդամ, Համբիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց այդ բաժինին ու նաեւ կրօնի մրցանքին զեկուցումը: Դարձեալ մատնանշումներ կատարելով` Մարտիրոսեան անդրադարձաւ մասնակցութեան ոգիին, այն մթնոլորտին, որ ստեղծուեցաւ սոյն հիմնադրամի ստեղծած մրցանքներուն ճամբով, ինչպէս նաեւ յառաջիկային ուղղելի կարգ մը թերութեանց:

Ասմունքի մրցանքի յանձնախումբի անդամ, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան` ներկայացնելով իր բաժինի զեկուցումը, աշակերտութեան արուեստի իմացումին եւ ասմունքի շնորհներուն անդրադարձաւ: Միշտ աւելիին ու կատարեալին ձգտելու ճիգը գնահատեց ան, երբ սիրողական մակարդակի վրայ են մասնակցողները:

Գեղարուեստական բաժինով, մրցանքին մասնակցած ու բարձրագոյն արդիւնքներ ապահոված աշակերտները հերթաբար ելոյթ ունեցան ասմունքներով, հետեւեալ հերթականութեամբ.- Միջնակարգի բաժինէն` Սարին Էքմեքճեան` «Մեսրոպաբոյր», Վարանդ Տումանեան` «Դերենիկը», Սարօ Եագուպեան` «Հին օրհնութիւն»: Իսկ երկրորդականի բաժինէն` Շանթ Պաղտասարեան` «Լեռն ի վեր», Սերօ Քելուկեան` «Եկեղեցին հայկական», Սեբաստիա կիս.սրկ. Ղարախանեան` «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ»:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք, եզրափակելով հանդիսութիւնը, վեհափառը գնահատեց բոլոր մասնակիցները, անոնց ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացած էին այս արդիւնքին:

Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց լեզուին կարեւորութիւնը եւ սրտցաւօրէն յայտնեց անոր նահանջի ախտանշաններուն երեւիլը մեր կեանքին մէջ: «Հայ լեզուն սկսած է աղաւաղուիլ: Անցեալին կը թելադրէին մեր ազգի պատասխանատուները, յատկապէս նոր սերունդին, միա՛յն հայերէն խօսիլ: Կացութիւնը միասնաբար պէտք է դարմանենք: Միայն ողբալ չի՛ բաւեր, միայն քննադատել չի՛ բաւեր, այլ պէտք է միասնաբար միջոցներ որոնենք` մեր արեւմտահայերէնը անաղարտ պահելու համար»: Վեհափառը անընդունելի գտաւ այն պատճառաբանութիւնները, որոնք կու գան դպրոցներէն ու ծնողներէն` հայագիտական նիւթերուն նուազեցումը պահանջելով, որպէսզի աշակերտներ կարենան յաջողիլ պետական քննութիւններուն: Վեհափառը անցեալին հայկական վարժարաններու աւելի ծանրաբեռն դասացուցակին օրինակը բերաւ, որ բնա՛ւ արգելք չէր եղած յաջողութեանց, այլ ընդհակառակն` հայկական վարժարաններու աշակերտներ ամէնէն փայլուն արդիւնքները ձեռք կը ձգէին: Վեհափառը խստօրէն դատապարտեց այն ծնողները, որոնք օտար վարժարաններ կը ղրկեն իրենց զաւակները զանազան պատճառաբանութիւններով: «Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն մեր մեծագոյն զէնքն է: Պատի՛ւ այն երախտաւորներուն, որոնք հայ դպրոցը կը պահեն հայ` իր ոգիով ու մակարդակով», եզրակացուց Արամ Ա. կաթողիոս:

Share this Article
CATEGORIES