ԷՐՏՈՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄՈՎ ԿԸ ՊԱՐԾԵՆԱՅ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ սուրիացի ընդդիմադիրները Անթալիոյ մէջ ժողով մը գումարեցին, իսկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իրեն չէ հարցուցած, թէ անոնք ինչո՞ւ իրենց ժողովը Թուրքիոյ մէջ կը կատարեն: «Եթէ հարցնէ, պատասխանս պարզ է: Մեր դռները բաց պիտի ըլլան, եթէ իր համակիրները եւս ուզեն Թուրքիոյ մէջ ժողով գումարել», ըսած է ան:
Էրտողան յայտնած է, որ ինք երկու օր առաջ հեռաձայնած է Ասատին եւ առաջարկած, որ քաջ քայլի մը դիմէ եւ ազատ արձակէ քաղաքական բանտարկեալները: «Երկու օր ետք ան համաներում յայտարարեց: Բանտարկեալները տակաւին ազատ չեն արձակուած, սակայն Ասատին պիտի հեռաձայնեմ` երախտագիտութիւնս յայտնելու համար», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտարարեց, որ սուրիական այժմու կառավարութեան օրինականութիւնը գրեթէ վերջ գտած է: Ան նշեց, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները Սուրիոյ նկատմամբ յառաջիկայ քայլին շուրջ միասնական կեցուածք մը չունին: