ՑԵՂԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ՍԱՆԱԱՅԻ ՄՈՒՏՔԻՆ ԿԸ ՀԱՒԱՔՈՒԻՆ

Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի ունեցած բուռն բախումներուն պատճառով Սանաայի օդակայանին մէջ օդանաւերու թռիչքները առկախուեցան: Մինչ այդ, ցեղախումբերու հազարաւոր զինեալներ հաւաքուեցան Սանաայի մուտքին` պատրաստուելով մայրաքաղաք մուտք գործելով օգնութեան հասնելու Հաշետ ցեղախումբերու ցեղապետին` շէյխ Սատեք Ահմարի եւ անոր զինեալներուն, որոնք Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ զինուորական ուժերուն հետ բուռն բախումներ կ՛ունենան:

Ցեղապետներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ցեղախումբերէ հազարաւոր զինեալներ Սանաայի հիւսիսը հաւաքուած են եւ բախում կ՛ունենան Սանաայէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող զինուորական կէտի մը հետ: Ցեղապետ մը յայտնեց, որ զինեալները կ՛ուզեն Սանաա մուտք գործել` իրենց «շէյխին» օգնութեան հասնելու համար:

Սանաայի մէջ շարունակուեցան շէյխ Ահմարի եւ Սալեհի ուժերուն միջեւ բախումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ կեդրոնական ապահովական ուժերու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերը: Վերջիններս հիւսիսային Սանաայի մէջ փորձեցին վերատիրանալ Հասպա թաղամասի ոստիկանատան շէնքին եւ տեղական կառավարման նախարարութեան շէնքին, որոնք գրաւուած էին շէյխ Ահմարի զինեալներուն կողմէ:

Չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշեր տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին 15 զոհ արձանագրուած է:

Միւս կողմէ, Եմէնի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Սալեհ պատրաստ է Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի` իշխանութեան խաղաղ փոխանցման նախաձեռնութիւնը ստորագրելու: Եմէնի պետական լրատու գործակալութիւնը իր տեղեկութիւնը կառավարական պաշտօնական աղբիւրէ մը քաղելով յայտնեց, որ «Եմէնի Հանրապետութիւնը» պատրաստ է նախաձեռնութիւնը ստորագրելու, եւ ստորագրութեան թուականը մօտ օրէն պիտի ճշդուի` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն հետ խորհրդակցաբար:

 

Share this Article
CATEGORIES