ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ «ԼՐՋՕՐԷՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի վարչութեան տնօրէն Անտրէյ Քելին ազրպէյճանական «Էյ. Էն. Էս.» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա պատրաստ է իր բոլոր ջանքերը գործադրելու` ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար:

Ըստ անոր, ներկայիս Քազանի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին պատրաստութիւնը տեղի կ՛ունենայ: «Ատոր վրայ կ՛աշխատին նախագահները, նախարարները զբաղած են համապատասխան նիւթերու մշակումով: Տուեալ հոլովոյթին կը մասնակցէին նաեւ համանախագահները: Ատիկա լուրջ եւ նուրբ աշխատանք է», նկատել տուաւ Քելին:

Ան յայտնեց, որ «յառաջընթացի հասնելու համար կողմերէն անհրաժեշտ է կամք դրսեւորել: Մենք կը կարծենք, որ այժմ անհրաժեշտ է առաւելագոյն ջանքեր գործադրել տագնապի խաղաղ լուծման համար»:

Քառնըկի հիմնարկի փորձագէտ Թոմաս Տը Վաալ իր կարգին «Նեշընըլ Ինթըրըսթ»ի մէջ կը գրէ, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի 26 մայիսի «յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն կը յուշէ, որ վճռական պահը մօտ է: Յունիսի վերջաւորութեան Քազանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, որուն կ՛աջակցին ֆրանսացի եւ ամերիկացի միջնորդները, լուրջ ճնշում պիտի գործադրէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի վրայ, որպէսզի վերջիններս համաձայնութեան հասնին արդէն 5 տարիէ ի վեր քննարկուող հիմնարար սկզբունքներու հարցին մէջ», կը գրէ Տը Վաալ:

«Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան բանակցային հոլովոյթին մէջ միասին լաւ աշխատած են, սակայն Կովկասի մէջ անոնց շահերու տարբերութիւնները, երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր օրակարգը եւ անոնց ներուժերուն նկատմամբ յաւակնութիւնները կը դժուարացնեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ միացեալ լուծումը:

 

Share this Article
CATEGORIES