ԸՍՏ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՈՂՋՄԻՏ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահը պիտի կազմակերպէ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւնը:

Արձագանգելով ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան 31 մայիսի ելոյթին` Յովիկ Աբրահամեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ համոզուած է, թէ երկխօսութիւնը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի շահերէն:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան երեքշաբթի օր Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարած էր, որ իրենք արդէն պատրաստ են իշխանութեան հետ պաշտօնական, այսինքն` պատուիրակութիւններու մակարդակով երկխօսութիւն կատարելու:

Ըստ Ազգային ժողովի նախագահին, յստակ չէ, թէ իշխանութիւնները ի՛նչ ձեւաչափով պիտի մասնակցին երկխօսութեան կամ ե՛րբ պիտի սկսի երկխօսութիւնը:

Ան յայտնեց, որ ատիկա Հայաստանի նախագահին որոշելիք գործն է:

Ընդդիմութեան դրած պայմաններուն վերաբերեալ Աբրահամեան նշեց, որ պատրաստ են ողջմիտ առաջարկներ քննարկելու:

Մինչ այդ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Ռազմիկ Զոհրապեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին բացառեց, որ նախագահ Սարգսեան համաձայն գտնուի արտակարգ նախագահական ընտրութիւններ կատարել:

Նշելով, որ իրենք արդէն յայտարարած են, որ 2013-ի համաձայնական կառավարութեան իբրեւ միասնական թեկնածուն պիտի պաշտպանեն Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը, Զոհրապեան աւելցուց, որ իրենք նախագահական ընտրութիւնները կը նախատեսեն 2013-ին, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւնները` 2012-ին: Ըստ անոր, պիտի գայ ժամանակը, երբ սահմանադրութեան համաձայն պիտի կատարուին այս ընտրութիւնները:

Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան առաջարկած` երկխօսութեան համար պատուիրակութիւն կազմելուն, ապա, ըստ Զոհրապեանի, օրակարգին մէջ այսպիսի հարց չկայ, պիտի չքննարկուի:

Զոհրապեան ընդգծեց, որ եթէ երկխօսութիւն տեղի ունենայ, ապա ատիկա համաձայնական կառավարութեան հետ տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ համաձայնական կառավարութիւնը միասնական ծրագիրով կ՛առաջնորդուի:

Share this Article
CATEGORIES