«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՉՈՐՈՇՈՒԻ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻ ԱՊԱԳԱՆ» «ԱՌԱՒՕՏ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հայրենի «Առաւօտ» օրաթերթին խնդրանքով անդրադարձաւ 31 մայիսի հանրահաւաքին ընթացքին ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խօսքին հետեւեալ հատուածին, որ «ՀՅԴ ներկայացուցիչներու պնդումին համաձայն, քոնկրեսը, ի տարբերութիւն իրենց կուսակցութեան, միայն վերջերս մտահոգութիւն յայտնած է ազրպէյճանական վտանգի նկատառումով Հայաստանի ներքին կայունութիւնը պահպանելու գծով: Ասիկա արդէն ոչ միայն նոյնքան բացարձակ, այլ նաեւ կրկնակի սուտ է, քանի որ նախ Դաշնակցութիւնը երբեք այդպիսի մտահոգութիւն չէ ունեցած եւ, ընդհակառակն` ղարաբաղեան պատերազմի ամէնէն թէժ տարիներուն գրեթէ օրական հանրահաւաքներու միջոցով ամէն ինչ ըրած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը ապակայունացնելու եւ բանակին ոգին կոտրելու համար եւ երկրորդ` քոնկրեսը իր ձեւաւորման առաջին իսկ օրերէն յստակօրէն արտայայտած է այդ մտահոգութիւնը»:

Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ չի ցանկար այսպիսի լուրջ հարցի թեթեւակի պատասխան տալ: Ան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը ղարաբաղեան պայքարի ժամանակ, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեան նախագահ էր, Հայաստանի իշխանութեան դրօշին ներքեւ եւ բանակին հետ միասին կամ զուգահեռ  300 զոհեր տուած է: Ասիկա կը նշանակէ, որ Դաշնակցութիւնը ոչ թէ խանգարած է, այլ մասնակցած է այդ պատերազմին: ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը նշեց, որ հանրահաւաքներ կը կազմակերպուէին Հայաստանի մէջ, որպէսզի իշխանութիւնը պարտաւորուի Ղարաբաղի հարցով զբաղիլ: «Այդ ժամանակ Ղարաբաղի հարցը մեզի համար ամէնէն հիմնականն էր եւ իշխանութեան վարանումները, «ձեռքերը լուալը` մէկ կողմ քաշուիլը» եւ Ղարաբաղը առանձին ձգելը մեզի համար ամէնէն հիմնական հարցն էր: Եւ մենք, այո՛, ճնշած ենք, որ  իշխանութիւնները Ղարաբաղի հարցով զբաղին: Բայց կը կրկնեմ, որ նոյն իշխանութեան ղեկավարութեամբ 300 թանկագին զոհեր տուինք ղարաբաղեան պայքարին ժամանակ: Ուրեմն ասիկա ամբողջութեամբ սուտէն աւելի գէշ բան մըն է` ասիկա ուրացումի, ուրացողի տեսակէտ է», յայտնեց Հրանդ Մարգարեան:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան նաեւ նշած էր, որ Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան միջեւ սկսած երկխօսութեան ներկայ հոլովոյթով «Դաշնակցութիւնը չափէն աւելի անհանգստացած է», որ բացայայտօրէն  եւ տենդագին կերպով լծուած է երկխօսութեան վարկաբեկման եւ խափանման գործին: Պատասխանելով «Առաւօտ»ի հարցումին, թէ հիմնաւոր կը նկատէ՞ այս պնդումը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ ինք անձամբ երկու առիթներով ողջունած է այդ երկխօսութիւնը: Ըստ անոր, հարցը այն է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տեսակը չի կրնար այլ տեսակէտ լսել: Հ. Մարգարեան աւելցուց, որ եթէ քիչ մը տարբեր տեսակէտ յայտնուի, Տէր Պետրոսեան արդէն կրնայ հայհոյանքներով պատասխանել: Ըստ անոր, Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Սերժ Սարգսեան կրնան տարբեր հարցերու շուրջ բանակցիլ, ինչ որ լաւ երեւոյթ է: Հրանդ Մարգարեան շեշտեց, որ կարելի չէ առանձնաբար բանակցիլ Հայաստանի ժողովուրդին ճակատագիրին շուրջ, քանի որ ոչ ոք իրենց այդ լիազօրութիւնը տուած է:

«Եթէ իրենց տեսակէտը այն է, որ իշխանութիւնը իրարու միջեւ բաժնելով կամ հետագայ ընթացքը կարգաւորելու առումով որոշ քարտէս պատրաստեն եւ իշխանութեան դաշտը վերապահեն Սերժ Սարգսեանին, ընդդիմութեան դաշտն ալ` Լեւոն Տէր Պետրոսեանին եւ այդպիսով ամբողջ քաղաքական դաշտը դարձնեն ղեկավարելի` կը կարծեմ, որ շատ կը սխալիմ: Բայց, Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր այս վերջին խօսքերով քանի մը բան ապացուցեց, որ մենք ճիշդ էինք, երբ նախորդ 3 տարիներուն ընթացքին կ՛ըսէինք, որ արտաքին վտանգ կայ եւ իրաւունք չունինք ստեղծել քաղաքական անկայունութիւն, ճիշդ չէ առճակատման միջոցով հարցերը լուծել: Ուրեմն ինք ամբողջութեամբ մեր մարտավարութիւնը որդեգրած է: Բայց վստահ եմ, որ մեր մարտավարութեան հիմքին մէջ հայրենիքի նկատմամբ մտահոգութիւնն է, իսկ իր այդ քայլին երթալը անճարակութիւն է: Ինք ձախողած է եւ նոր անդրադարձած է, թէ որն է ճիշդ ճամբան: Յամենայն դէպս, մենք նախանձով չենք մօտենար. առաջին իսկ պահէն ողջունած ենք, որ անոնք պէտք է երկխօսութեան նստին, բայց իրենց երկխօսութեամբ չէ ճշդուած մեր հայրենիքի ապագան. ամբողջ ժողովուրդը եւ քաղաքական ուժերը այս առնչութեամբ վստահաբար ըսելիք ունին», հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Share this Article
CATEGORIES