ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԻԱՑՄԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Իտալիոյ միացման 150-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան ընթացքին

Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հրաւէրով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ Հռոմ ժամանեց:

Հանրապետութեան ղեկավարը ներկայ գտնուեցաւ Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն. պաշտօնական պատուիրակութիւններու ղեկավարները ներկայ գտնուեցան զինուորական տողանցքին, իսկ երեկոյեան «Քվիրինալէ» պալատին մէջ անոնք ունկնդրեցին տօնական համերգը:

Աւարտելով Իտալիա աշխատանքային այցելութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր Երեւան պիտի վերադառնայ:

 

Share this Article
CATEGORIES