ՏԻՆՔԻ ՀԱՐՑՈՎ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐ 6 ԱՄԻՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ
«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով թուրք ոստիկաններ բանտարկութեան դատապարտուած են: Տրապիզոնի դատարանը երէկ Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան նախկին հրամանատար Ալի Օզը եւ ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ գնդապետ Մեթին Եըլտըզը 6 ամսուան բանտարկութեան դատապարտած է:
Դատարանին որոշումով 4 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած են նաեւ չորս ոստիկաններ, իսկ երկու ուրիշներ ազատ արձակուած են:
Ալի Օզն ու անոր հրամանին տակ գտնուողները կը մեղադրուէին իրենց պարտականութիւնները կատարելու մէջ թերանալու յանցանքով:
CATEGORIES Հայկական