Քոնելլի Ողջունեց Եւրոպական Միութեան Որոշումը
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը զուտ լիբանանեան աշխատանք է, եւ լիբանանցիները արժանի են ունենալու կառավարութիւն մը, որ կը դրսեւորէ իր ձգտումները, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը` միաժամանակ յանձնառու մնալով Լիբանանի միջազգային պարտականութիւններուն:
«Ուաշինկթըն կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ կազմուի այնպիսի կառավարութիւն մը, որուն հետ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կարենայ աւելի սերտօրէն գործակցիլ», ընդգծեց Քոնելլի:
Քոնելլի ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր յանձնառու չեն մնացած «Պաապտայի յայտարարութեան»` աւելցնելով, որ քաղաքական այդ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգի ենթարկած է:
Միւս կողմէ, Քոնելլի ողջունեց Հըզպալլայի դէմ Եւրոպական Միութեան տուած որոշումը` յայտնելով միաժամանակ, որ Հըզպալլա պիտի կրէ իր առած քայլերուն եւ Պուրկասի ու Կիպրոսի մէջ գործած ահաբեկչութիւններուն հետեւանքները:
Քոնելլի ընդգծեց Լիբանանի մէջ սահմանադրութեան գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներ կառչած կը մնան ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը: