Մուսթաքպալ Պլոք. «Դիմադրութիւնները Ձախողած Են, Իսկ Ժողովուրդին Համար Սահմանադրական Հաստատութիւնները Մնացած Են Անձեռնմխելի»
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ բանակը երկրին ազգային միասնականութեան ամրապնդման ձգտող միակ հաստատութիւնն է:
«Այս հանգրուանին, երբ Լիբանան զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ, բանակին դերակատարութիւնը կը բազմապատկուի` օրէնքի գործադրութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու առումով», շեշտեց Մուսթաքպալ պլոքը:
Պլոքը դատապարտեց նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խոցելի դարձնելու իմաստով Հըզպալլայի արարքները:
«Դիմադրութիւնները ձախողած են, իսկ ժողովուրդին համար սահմանադրական հաստատութիւնները մնացած են անձեռնմխելի», ընդգծեց Մուսթաքպալ պլոքը:
CATEGORIES Լիբանանեան