Իսրայէլեան Ջոկատ Մը Ապպասիէի Մօտ Խախտեց Լիբանանեան Սահմանը

Իսրայէլեան ջոկատ մը երէկ Ապպասիէի մօտ խախտեց լիբանանեան սահմանը եւ լիբանանեան հողերուն վրայ շրջեցաւ` այդ շրջանը հետախուզութեան ենթարկելով:

12 զինուոր հաշուող իսրայէլեան ջոկատին ընկերակցեցան նաեւ իսրայէլեան զինուորական մեքենաներ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի վերեւ գործեց ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:

Share this Article
CATEGORIES