Զօր. Աուն. «Որոշեցինք Ստեղծել Սահմանադրութեան Պաշտպանութեան Ազգային Ճակատ Մը»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող հրատապ հարցերը:
Նիստէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու իմաստով Ազգային ազատ հոսանքը մրցանիշ հաստատած է:
Զօր. Աուն նշեց, որ իրենք կը փափաքին լիբանանեան բանակը պաշտպանել այն սխալներէն, որոնք կը գործուին քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ, զօր. Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կան գերագոյն մարմիններ, որոնք սահմանադրութիւնը չեն յարգեր: Ան նաեւ ընդգծեց, որ կարելի չէ մէկ կողմէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժել եւ միւս կողմէ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ սպայակոյտի պետ զօր. Ուալիտ Սալմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք չեն կրնար լուռ մնալ ի տես սահմանադրութեան խախտումին, «իսկ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը սահմանադրութեան խախտում է եւ յեղաշրջում: Տրուող բոլոր որոշումները պէտք է օրէնքի հիման վրայ ըլլան: Ժողովրդավարութիւնը մշակոյթ է եւ վարք ու բարք, իսկ լիբանանեան պետութիւնը ամբողջութեամբ «երկարաձգուած» պետութեան վերածուած է», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք որոշած են ստեղծել սահմանադրութեան պաշտպանութեան ազգային ճակատ մը: «Ոչ մէկ կերպով պիտի արտօնենք սահմանադրութեան խախտումը: Մենք պիտի չլքենք Լիբանանը եւ կառչած պիտի մնանք մեր հողին: Ապօրինի որոշումներէն ապօրինութիւններ կը բխին, իսկ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ապօրինի է», եզրափակեց զօր. Աուն:
Նշենք, որ երէկ զօր. Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:
Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:


