«Զօր. Քահուաժիի Պաշտօնավարութիւնը Այսօր Պիտի Երկարաձգուի» Շեշտեց Ֆ. Ղոսըն

Զօր. Քահուաժի եւ Միքաթի

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ հասատատեց, որ ինք այսօր պիտի ստորագրէ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ սպայակոյտի պետ զօր. Ուալիտ Սալմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումը:

Ղոսըն մերժեց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ` շեշտելով, որ այսօր որոշումը պատրաստ պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )