Մշոյ Հայկական Տուներուն 80 Առ Հարիւրին Քանդումէն Ետք Աշխատանքները Դադրեցուած Են
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մուշ քաղաքին մէջ ժամանակին հայերու բնակութիւնը ապացուցող վերջին փաստը` Քալէ թաղամասը, 21 հոկտեմբեր 2012-ին ներառուած է քաղաքի վերակառուցման ծրագիրին մէջ: Կը նախատեսուի այդտեղ 500 տան փոխարէն 770 շէնք կառուցել:
Շինութիւններուն 80 առ հարիւրը քանդելէ ետք, քանդումի աշխատանքները դադրեցնելու որոշում տրուած է:
Անատոլուի հայկական ժառանգութեան հարցերով աշխատանքներ կատարած Կարօ Փայլան անդրադարձած է նախապէս «Մուշեղի բերդ» անուանումով ծանօթ հայկական թաղամասի հարցին:
Ան նշած է, որ այս տարածքին մէջ առնուազն երկու թաղամաս պէտք է պետական պաշտպանութեան տակ առնուի:
Փայլան ընդգծած է նաեւ, որ մինչեւ հիմա քանդումը անօրինական եղած է, որովհետեւ որոշումը բողոքարկելու համար նոյնիսկ ժամանակ չէ տրամադրուած: Ըստ անոր, գանձ որոնողներն ալ իրենց կարգին վնաս պատճառած են շինութիւններուն, որովհետեւ փորած են անոնց հիմերը:
«Մշոյ մէջ 299 եկեղեցի, 94 առանձնատուն, 53 ուխտատեղի, 135 դպրոց եղած է` 5669 աշակերտներով: Մնացած երեք փողոցները պէտք չէ քանդուին: Անատոլուի հայկական ժառանգութիւնը մեծ արագութեամբ կ՛ոչնչանայ: Եթէ ատիկա Պոլսոյ մէջ ըլլար, ապա 200 տարուան հնութեամբ շէնքերուն նոյնիսկ մէկ գամ չէին գամեր», ըսած է Փայլան:
Ան նշած է, որ իրենք այցելած են Մշոյ Ս. Կարապետ վանքը, որմէ միայն քանի մը պատ մնացած է եւ իբրեւ ախոռ կ՛օգտագործուի: Իսկ գիւղին երեխաները վրան խաչ պատկերուած 1500-ամեայ քարերը կը վաճառեն:
«Այն ամէնը ինչ որ հայերէն մնացած է, լուռ կերպով կ՛ոչնչացուի», ըսած է Փայլան: