Արցախի Մէջ. Յիշատակի Արարողութիւն` Նուիրուած Լիզպոնի Գործողութեան 30-ամեակին
27 յուլիսին Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակին մէջ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէն եւ Արցախի երիտասարդական միութիւնը յիշատակի երեկոյ կազմակերպած էին` նուիրուած 30 տարի առաջ 27 յուլիսին Լիզպոնի մէջ նահատակուած 5 հայորդիներու յիշատակին:
Ստեփանակերտի մէջ Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը այսպիսի ձեւաչափով առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի: Նախքան յիշատակի երեկոյին բացումը` երիտասարդները Լիզպոնի 5 տղոց եւ գործողութեան մասին թռուցիկներ բաժնեցին ձեռնարկին մասնակիցներուն:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մխիթար Գէորգեան` նշելով, որ Լիզպոնի տղոց արարքը հայ անպարտ ոգիի եւ կամքի ինքնարտայայտումն էր:
Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է իր սրտին մէջ ընդմիշտ պահէ Լիզպոն 5-ի եւ Լիզպոն 5-երու սխրագործութիւնները, որոնք փարոս պէտք է հանդիսանան մեր ազգակերտման եւ հայրենակերտման հետագայ գործին:
Խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի 5 տղոց մասին վաւերագրական ժապաւէն մը:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան վարիչ մարմինի անդամ Ալէոնա Դադամեան նշեց, որ ձեռնարկի կազմակերպման նպատակը նախ եւ առաջ Արցախի երիտասարդութիւնը տեղեկացնելն է Լիզպոնի տղոց մասին:
Ան նկատել տուաւ, որ դժբախտաբար դաշնակցական երիտասարդներէն բացի շատ քիչերը գիտեն անոնց մասին, անոնց կատարած սխրագործութեան մասին, սակայն հերոսը որեւէ կուսակցութեան չի պատկանիր, հերոսը ազգինն է ու ազգին մեծ արժէքն է:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ շատերը Լիզպոնի տղոց արարքը խենթութիւն կամ ահաբեկչութիւն նկատեցին, սակայն այդ դէպքէն քանի մը տարի ետք սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը: Ըստ Սարգսեանի, եթէ անոնք ողջ ըլլային, պիտի մասնակցէին արցախեան շարժումին, Շուշիի ազատագրման, սակայն անոնց արարքը իւրովի նախադրեալ հանդիսացաւ հետագային արցախեան շարժման, ցեղասպանութեան ճանաչման:
Իր կարգին, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Արեւ Սարգսեան ընդգծեց, որ իրենց քայլով այս տղաքը ապացուցեցին, որ հայ երիտասարդը միշտ աւիւն ու ձիրք ունի շարունակելու այն պայքարը, որ կը տանի Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման: