Երեւանի Քաղաքապետարանը Անհիմն Կ՛որակէ Պաշտօնանկութեան Պահանջները

«Որեւէ աշխատանքէ ազատ կացուցում` համայնքային ծառայողի, պէտք է ըլլայ հիմնաւորուած: Այդ մարդիկը կը նկատուին համայնքային ծառայողներ: Եթէ որոշ մարդիկ որոշ պահանջներ առաջադրած են, ատիկա չի նշանակեր, որ մարդը հանես եւ ազատ կացուցես աշխատանքէն: Աւելի ոչինչ չեմ կրնար ըսել», երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արթուր Գէորգեան:

Քաղաքային իշխանութիւնները մտադիր չեն նաեւ որեւէ ձեւով մեկնաբանել արդէն հինգերորդ օրը ըլլալով վերոնշեալ պաշտօնեաներու պաշտօնանկութեան պահանջով շարունակուող նստացոյցը:

Հենրիկ Նաւասարդեան եւս մերժեց մեկնաբանել իր հրաժարականի պահանջը:

Երեւանի աւագանիի իշխող Հանրապետական խմբակցութեան անդամ Աստղիկ Գէորգեան ողջունեց երիտասարդներու աշխուժութիւնը եւ յայտնեց, որ քաղաքապետն ալ անոնց ընդառաջեց, կասեցուց թանկացումը, ուրեմն քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները պէտք է սպասեն, որ սակագինի վերանայման համար նոր ձեւաւորուող յանձնախումբը աշխատի:

Քաղաքապետարանին առջեւ նստացոյց ընող երիտասարդները, մինչդեռ, վճռական տրամադրուած են` պնդելով, քաղաքապետարանին հետ երկխօսութիւնը բացառուած է, մինչեւ որ երկու պաշտօնեաները հեռացուին աշխատանքէն:

«Ես չեմ կարծեր, թէ այս երկու անհատներուն հետ նոյն սեղանին շուրջ նստիլը ճիշդ քայլ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այսպիսի արժեհամակարգով մարդոց ներկայութիւնը կը ստիպէ մտածել, որ այդտեղ լուրջ հարց անկարելի է քննարկել», մեկնաբանեց գործիչներէն մէկը:

«Մենք չենք հանդուրժեր պետական հիմնարկներուն մէջ ներկայութիւնը ոեւէ պաշտօնեայի, որ քրէական բարքեր եւ արժէքներ կը կրէ», մեկնաբանեց այլ գործիչ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )