Ռաուլի Կարծիքը` 2022-ի Աշխարհի Ախոյեանութեան Գծով
Սպանացի եւ համաշխարհային ֆութպոլի աստղ Ռաուլ, որ վերջին երկու տարեշրջաններուն մաս կը կազմէ քաթարական «Սատ» ակումբին, իր կարծիքը տուաւ մոնտիալի մասին, որ 2022-ին պիտի կայանայ Քաթարի մէջ:
Ան լիովին կ՛աջակցի ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սէփ Պլաթըրի առաջարկին, որ կ՛ըսէ, թէ 2022-ի մոնտիալը աւելի ճիշդ եւ տրամաբանական պիտի ըլլայ ձմրան կատարել` Քաթարի կլիմային պատճառով:
Ան ըսաւ, որ ձմրան աւելի լաւ պիտի ըլլայ մրցումները կատարելը թէ՛ մարզիկներուն եւ թէ՛ համակիրներուն համար, որովհետեւ ամրան ջերմաստիճանի պատճառով խաղի մակարդակը շատ կը նուազի: Ան աւելցուց նաեւ, որ ձմրան համակիրները աւելի լաւ ձեւով կրնան երկրին ծանօթանալ, քան ամրան:
CATEGORIES Մարզական