Կարճ Լուրեր Ճատրակի Աշխարհէն

Կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան Պրազիլի Մարինկա քաղաքին մէջ աւարտած մրցաշարքին առաւելագոյնը 8 կէտերէն ապահովեց 6,5 կէտ եւ 233 մասնակիցներու մէջ նուաճեց երկրորդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ կրանտմասթըր Սանտրօ Մարեկօ (Արժանթին), իսկ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Արմէն Բրուտեան կրցաւ հաւաքել միայն 5.5 կետ:

Իսկ կրանտմասթըր Հրանդ Մելքումեան Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ սկսած մրցաշարքին չորս հանգրուան խաղալէն ետք կրցաւ հաւաքել 4 կէտ եւ ուրիշ 8 մասնակիցներու հետ գրաւեց պարագլուխի դիրքը:

Մինչ այդ, Սպանիոյ Սիտքես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքին կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան եօթը հանգրուան խաղալէ ետք հաւաքեց 6 կէտ եւ առանձինը կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Երկրորդ դիրքին վրայ է կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան եւ ունի 5.5 կէտ:

Պէտք է նշել, որ ութերորդ հանգրուանին իրարու դէմ պիտի ճակատին Կարէն Գրիգորեան եւ Կարէն Մովսիսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )