Մանչեսթըր Եունայթըտ Կը Փորձէ Ձեռք Ձգել Մոտրիչը
Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը պատրաստ է առաջարկ ներկայացնելու Ռէալ Մատրիտին` միջնապահ Լուքա Մոտրիչը ձեռք ձգելու համար:
Անգլիական «Թայմզ» օրաթերթը հաստատեց, որ Սեսք Ֆապրեկասի առաջարկներուն մերժումէն ետք է, որ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը իր ուշադրութիւնը դարձուց Խրուաթիոյ հաւաքականի 27-ամեայ միջնապահին վրայ:
Անգլիական ակումբը պատրաստ է 25 միլիոն եւրօ վճարելու Մոտրիչի համար:
Պէտք է յիշել, որ Մոտրիչ անցեալ ամառ միացաւ Ռէալ Մատրիտի կազմին, այդ փոխանցումը արժած էր 33 միլիոն եւրօ եւ իր պայմանագիրը կ՛երկարի մինչեւ 30 յունիս 2017: Ան այս տարեշրջանին խաղացած է 33 խաղ, նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած է 6 կոլի փոխանցում:
CATEGORIES Մարզական


