Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր – Սոչի 2014

Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, 15 փետրուար 2014-ին ոսկի մետալ նուաճող մարզիկներուն պիտի նուիրուի յատուկ ոսկիէ մետալ մը, որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ Չելիապինսքի մէջ ինկած եւ պայթած երկնաքարէն պզտիկ կտոր մը:

Այդ օրը կը զուգադիպի այդ դէպքի տարելիցին, եւ այս առիթով այդ շրջանի մշակոյթի նախարարը այս որոշումը տուած է` ըսելով, որ այս մետալները պիտի տանք, որովհետեւ թէ՛ երկնաքարի պայթումը եւ թէ՛ ողիմպիական խաղերը համաշխարհային եղելութիւններ են:

Ան աւելցուցած է, որ ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալի արժանանալը մարզիկի մը համար շատ մեծ նուաճում մըն է եւ անոր կեանքին մէջ ատիկա կը մնայ լաւագոյն յիշատակներէն մէկը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )