Լեւանտովսքի. «Պիտի Չխնայեմ Ուժերս Խաղալու Համար Տորթմունտի Հետ»
Գերմանական մամուլը կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի խոստացաւ իր խումբի համակիրներուն, թէ ինք իր ուժերը չխնայէ խաղալու համար Տորթմունտի կազմին հետ:
Լեհաստանի հաւաքականի յառաջապահը վստահեցուց, որ անցեալին եղածները իր վրայ բնաւ պիտի չազդեն: Ան աւելցուց, որ իր կարելին պիտի ընէ մարզադաշտին վրայ յաղթանակ ապահովելու համար Տորթմունտի եւ իր բոլոր ուժերը պիտի նուիրէ նպատակին իրագործման համար:
Յիշեցնենք, որ 2012-2013 տարեշրջանի աւարտէն ետք Լեւանտովսքի իր փափաքը յայտնած էր միանալու Պայերն Միւնիխի, սակայն Տորթմունտի ղեկավարութիւնը մերժեց այդ առաջարկին իրականացումը:
CATEGORIES Մարզական