Զիտան. «Ռէալ Մտադիր Չէ Յանձնուիլ Պէյլի Համար Մղուող Պայքարին Մէջ»

Կարեթ Պէյլ

Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուներէն ֆրանսացի նախկին մարզիկ Զինետին Զիտան հաստատեց, որ Պէյլը միացնելու Սպանիոյ մայրաքաղաքի ակումբի պայքարին մէջ վերջինս պիտի չյանձնուի:

Թոթենհամէն Պէյլի փոխանցման մասին արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր կը խօսուի, եւ վերջին տուեալներով, լոնտոնեան ակումբը կը պահանջէ 98 միլիոն եւրօ:

Զիտան ըսաւ, որ իրենք բնաւ պիտի չյանձնուին եւ անընդհատ կ՛աշխատին այդ գծով` շեշտելով, որ խենթութիւն կը նկատուի Պէյլի պէս խաղացող մը կորսնցնել: Բայց, Զիտան վստահ է, որ Թոթենհամ մինչեւ վերջ պիտի պայքարի եւ համոզէ Պէյլը նոր պայմանագիր մը ստորագրելու իրեն հետ:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Պէյլով հետաքրքրուած է Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտը:

ՊԷտք է նշել, որ Պէյլ անցեալ տարեշրջանին Թոթենհամի հետ մասնակցած է անգլիական ախոյեանութեան 33  խաղերու, նշանակած է 21 կոլ եւ կատարած է 9 կոլի փոխանցում: Իսկ «Եուրոփա Լիկ»-ի 8 խաղերու ընթացքին ան նշանակած է 3 կոլ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )