Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Պոլիս
«Փինք Ֆլոյտ» Խումբի Հիմնադիրներէն Ուոթըրսի
Համերգը Կը Նուիրուի Հրանդ Տինքի Յիշատակին
Օգոստոս 4-ին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փինք Ֆլոյտ» հռչակաւոր ռոք խումբի երաժիշտ-հիմնադիրներէն Ռոճըր Ուոթըրսի համերգը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ 2007-ին սպաննուած Հրանդ Տինքի յիշատակին:
Ըստ տեղեկութիւններու, Պոլսոյ ճարտարագիտական համալսարանի մարզադաշտին մէջ կայանալիք համերգի բեմին վրայ 120 մեթր երկարութեամբ հսկայ պատի մը վրայ փակցուած պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքին նկարը:
Ռոճըր Ուոթըրսի եւրոպական շրջագայութեան մաս կազմող այս համերգին պիտի ներկայացուին «Փինք Ֆլոյտ» խումբին տասնմէկերորդ` «Տը ուոլ» ալպոմին երգերը:
Թեհրան
Գրական Երեկոյ` Նուիրուած «Ոսկէ Հասկեր,
Հայ Գրականութեան Գլուխ Գործոցներէն»
Պարսկալեզու Գիրքի Հրատարակման
Կազմակերպութեամբ Իրանահայ միութեան արուեստից բաժանմունքին 12 յուլիսին միութեան սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Սարգիս Եղնազարի «Ոսկէ հասկեր, հայ գրականութեան գլուխ գործոցներէն» պարսկալեզու գիրքը:
Բացումը կատարեցին հայերէնով` արուեստից բաժանմունքի նախագահ Մակի Ջարահեան եւ պարսկերէնով` Նժդեհ Փիրջանեան: Ապա Խնամակալ մարմինի փոխատենապետ, իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան ներկայացուց գիրքը` կատարելով անոր վերլուծականն ու գնահատումը, շեշտելով անոր պարզ ու հասկնալի ոճով մեկնաբանումը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ներսէս Տ. Մեսրոպեան:
Աւարտին երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Սարգիս Եղնազար, որ իր գեղանկարներէն «Վրդովեալ ալիքը» ծովանկարը նուիրեց միութեան` զայն յանձնելով ԻՀՄ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Նժդեհ Փիրջանեանին:
«Արարատ» Երգչախումբին Տարեկան Երգահանդէսը
Յուլիս 25-26, «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան «Արարատ» երգչախումբին տարեկան երգահանդէսը` ղեկավարութեամբ Արաքս Խաչատուրեանի եւ Հեղինէ Օհանեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արին Աւանէսեանի:
Յայտագիրը կը բովանդակէր հայերէն եւ արեւմտաեւրոպական դասական ու ժողովրդական երգեր:
Յուլիս 25-ին ելոյթ ունեցաւ ՀՄԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Համլեթ Խալոյեան, իսկ 26 յուլիսին խօսք առաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Անոնք գնահատական խօսքեր ուղղեցին Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան, երգչախումբի ղեկավարներուն եւ անդամներուն:
Լիզպոնի 30-ամեակ
Յուլիս 27-ին «Արարատ» մարզաւանի Ս. Խաչ մատուռի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական բանակի հինգ մարտիկներ` Սեդրակի, Վաչէի, Սիմոնի, Սագոյի եւ Արայի անմոռաց յիշատակին եւ սխրագործութեան 30-ամեակին նուիրուած բանախօսական-գեղարուեստական ձեռնարկ:
Օրուան բանախօսն էր «Ալիք» օրաթերթի խմբագրակազմի անդամ Արամ Շահնազարեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Ֆրանսա
Խանասորի Արշաւանքի Յիշատակումը
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ի, Կապոյտ խաչի եւ «Նոր Սերունդ»-ի, 7 յուլիսին նշուեցաւ Խանասորի արշաւանքին տարեդարձը:
Նախ Շաւիլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ:
Ապա Շաւիլի գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Խօսք առին «Նոր Սերունդ»-ի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ` Դրօ Էքմեքճեան, որ պատմեց արշաւանքին դրուագները:
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան դէպի մօտակայ Վիրոֆլէի «Փարք Տը Պոն Ռեփօ» հաճելի ժամեր անցընելու համար այս յիշատակելի օրուան առթիւ:
ՀՅԴ Եւրոպայի համանախագահ Մուրատ Փափազեան խօսք առնելով` շեշտեց ժխտումի պատժումի օրէնքի քուէարկութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Քլամարի քաղաքապետ եւ ծերակոյտի Ֆրանսեւհայկական բարեկամական խումբի նախագահ Ֆիլիփ Քալթընպախի շեշտեց Արցախի հանրապետութեան ճանաչման ի նպաստ տարուած աշխատանքը եւ յայտնեց իր մնայուն զօրակցութիւնը Հայ դատին:
Միացեալ Նահանգներ
Լոս Անճելըսի Հայութիւնը Կ՛ոգեկոչէ
Լիզպոնի Նահատակներուն Յիշատակը
Կիրակի, 28 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, աւելի քան 650 անձեր, որոնք կը ներկայացնէին բոլոր տարիքի եւ խաւի հայորդիներ, փութացած էին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահը, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, ինչպէս նաեւ յարգելու յիշատակը այն հինգ անձնազոհ հայորդիներուն, որոնք երեսուն տարի առաջ, արհամարհելով ամէն ինչ` եկան փաստելու, որ իրենց նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, եւ իրենց ռումբերուն միջոցով, կրցան պատռել միջազգային լռութեան պատը, որ կանգնեցուած էր ընդհանրապէս Հայ դատի եւ հայութեան պահանջատիրութեան դիմաց:
Լիզպոն 5-ի յանձնախումբը, սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնեց այս առիթով պատրաստուած յատուկ գրքոյկ եւ տի.վի.տի. մը, ուր անդրադարձ կար գործողութեան պատմականին ու հերոսներու կենսագրութեան:
Ձեռնարկը սկսաւ Արմէն Մովսէսեանի «Զինուորի երգ»-ով եւ ապա ՀԵԴ-ի ընկերներէն Գասպար Ճիւէլէկեան արտասանեց Լիզպոնի 5-ին նուիրուած երգի յառաջաբանը:
Ապա ներկաները, պաստառի վրայ հետեւեցան երգին եւ տեսահոլովակին, որմէ ետք հանդիսավարը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ եւ յոտնկայս յարգելու յիշատակը ազատութեան բագինին իրենց կեանքը զոհած հայ հերոսներուն:
Յայտագիրը իրագործուեցաւ ազատութեան մարտիկներու կենսագրութեան ընթերցումով եւ տի.վի.տի.ի ներկայացումով: Սիմոն Եահնէեանը ներկայացուց Փասատինայի ՀԵԴ-ի «Նիկոլ Դուման» ուխտի ընկերուհիներէն Լոռի Ճիկէրեանը, որմէ ետք Վիգէն Եագուպեան, կիթառի ընկերակցութեամբ Արա Տապանճեանի, ներկայացուց «Էլ ոչ մի վիշտ»-ը, «Տարօրինակ մարդ արարած»-ը եւ «Մարտիկի երգ»-ը: Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի ընկերներէն Գօգօ Նազարեան կարդաց Վաչէ Տաղլեանի կենսագրականը, որմէ ետք Սոնա Մատարեան ասմունքեց Լիզպոնի հինգի երեսունամեակին առթիւ Կայլակի կողմէ գրուած ոտանաւոր մը, ապա հատուածներ կարդաց Ժագ Ս. Յակոբեանէն եւ Յովհաննէս Շիրազէն` Լիզպոնի հինգին նուիրուած անոնց քերթուածներէն, եւ եզրափակեց Դանիէլ Վարուժանի «Ցեղին սիրտը»-ի «Ցեղին փառքը» հատուածով:
Սարգիս Աբրահամեանի կենսագրութիւնն ու խօսքը կարդաց Լա Քրեսենթայի ՀԵԴ-ի «Զարթօնք» ուխտի անդամներէն Սանան Հարունը, որմէ ետք Արմէն Մովսէսեան կիթառի վրայ մեներգեց «Յոյսի առագաստ» եւ «Վեր կաց եղբայր» երգերը, ապա Պըրպենքի ՀԵԴ-ի «Կայծակ» ուխտի անդամներէն Ուռի Կարապետեան կարդաց Արա Գըրճըլեանի կենսագրականը: Մուրատ Թօփալեան անգլերէնով ներկայացուց օրուան պատգամը, որմէ ետք Րաֆֆի Ուրֆալի ներկայացուց Սեդրակ Աճէմեանի կենսագրականը:
Ներկաները առիթ ունեցան պաստառի վրայ դիտելու եւ հաղորդակից դառնալու «խենթեր»-ուն վկայակոչումին, զոր արձանագրած էին գործողութենէն առաջ:
Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան հանդիսացաւ հայերէն լեզուով օրուան պատգամաբերը:
«Ներսէս Շնորհալի» Շքանշան` ՀԲԸՄ–ի
«Հայ Կին»-ի Հիմնադիր Սոնա Եագուպեանի
Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին, 20 յունիսին Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Հայ կին» ծրագիրի 20-ամեակին ու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը տրուեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Հայ կին» ծրագիրի հիմնադիր ու նախագահ Սոնա Եագուպեանին: Ընդառաջելով առաջնորդի դիմումին` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շնորհած էր սոյն շքանշանը:
Ապա Սոնա Եագուպեան խօսեցաւ վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին միութեան իրականացուցած աշխատանքներուն մասին, իսկ Էլիզապէթ Քապանեան ներկայացուց «Հայ կին»-ի երիտասարդաց յանձնախումբին գործունէութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան` դրուատելով «Հայ կին»-ի եւ անոր հիմնադիրին տարած ազգանուէր աշխատանքը: 20-ամեակին առիթով հրատարակուած էր նաեւ յատուկ գրքոյկ մը:
Ձեռնարկին աւարտին «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սիմոն Սիմոնեանի արուեստի գործերու ցուցահանդէսը:
Հրապարակային Դասախօսութիւն` «Դանիէլ
Վարուժան. Մեր Հպարտանքը» Խորագիրով
Վասպուրականի հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպած դասախօսութիւններու ծիրին մէջ 27 յունիսին Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Ռէյմոնտ եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր հայ մեծ բանաստեղծ, երեսունմէկ տարեկանին 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնը:
Վասպուրականի հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պետրոս Թովմասեան ողջունելէ ետք ներկաները ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօս, Տիթրոյիթի Ս. Վարդան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն ծ. վ. Ադամեանին կենսագրութիւնը:
Դասախօսը համապարփակ եւ բովանդակալից ձեւով ներկայացուց մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւններէն ընտրուած բանաստեղծութիւններ` մեկնաբանելով բանաստեղծին ապրումները եւ գաղափարները: Ան հաստատեց, որ Վարուժան կը մնայ այն մեծագոյն բանաստեղծը, որ ազգայինն ու համայնականը ներդաշնակեց իր վաստակին մէջ, աւելցնելով, որ ան որքան ցեղաշունչ, նոյնքան եւ մարդկայնական մնաց` դառնալով հայութեան հասարակաց եւ հաւաքական ապրումներուն անգերազանցելի մեկնիչն ու երգիչը: Ան տառապեցաւ ընդհանուր մարդկութեան եւ ազգերու զրկանքով, ճնշուած ժողովուրդներու սեւ ճակատագիրով, դէպի նուաստացում առաջնորդուող թշուառ աշխատաւորութեան գալարումներով:
Աւարտին միութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Հերմինէ Պոսթանեան, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան խօսք առնելով` շնորհաւորեց դասախօսը եւ ողջունեց Վասպուրականի հայրենակցական միութիւնը` դրուատելով անոր կատարած աշխատանքը: Ան նաեւ յորդորեց ներկաները սիրելու հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը եւ բարձր պահելու զանոնք:
Արամ Խաչատուրեանին Նուիրուած
Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան եւ «Արփա» շարժապատկերի փառատօնին, Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին առիթով, Հոլիվուտի «Եգիպտական» թատրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն, որ կը ներկայացնէր Խաչատուրեանի կեանքը, գործունէութիւնը եւ անոր ապրած ժամանակաշրջանը: Ժապաւէնի հեղինակներն են Տորա եւ Ռոպերթ Կուն:
Ժապաւէնին մէջ օգտագործուած են արխիւային բացառիկ տեսարաններ, որոնց մէկ մասը բնաւ չէր ցուցադրուած: Կան նաեւ Արամ Խաչատուրեանի ժամանակակիցներուն յիշողութիւնները, նաեւ` հարցազրոյցներ:
«Խաչատուրեան» ժապաւէնը ներկայացուած է տասնեակ փառատօներու եւ Հոլիվուտի շարժապատկերի փառատօնին առաջին մրցանակի արժանացած է:
Ի Նպաստ Սուրիոյ ՀՄԸՄ–ին
Վերջերս Մասաչուսեցի (Պելմոնթ) մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, որուն նպատակն էր դրամահաւաքով մը օժանդակել Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ին, որպէսզի կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել համա-ՀՄԸՄ-ական իններորդ խաղերուն:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՄԸՄ-ական գործօն անդամներէն Պետիկ Տէր Վարդանեանի բնակարանին մէջ: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ շրջանի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ներկաները պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց օժանդակութիւնը բերելու այս գաղափարին:
Նշենք, որ այս առթիւ հանգանակուեցաւ վեց հազար ամերիկեան տոլար, որ փոխանցուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան` իր կարգին տրամադրելու համար Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն:
Մակիին «Հայ Ենք Մենք» Նոր Ժապաւէնին
Ցուցադրութիւնը
Յուլիս 20-ին Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակիին պատրաստած նոր շարժապատկերը` «Հայ ենք մենք» խորագիրով:
Հաւաքը առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու Մակիին ու անոր ստեղծագործական աշխատանքին:
Տեսերիզը կ՛ընդգրկէր փունջ մը մանկական երգեր, հայկական գիտելիքներ, պատմութիւն, անուշեղէնի պատրաստութիւն եւ աղօթքներ` մեկնաբանութեամբ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մակիին ընկերակցող խումբերուն:

