Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականներու Բաշխում

 

 

 

 

 

 

Կիրակի, 14 յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցաւ քոլեճին ամավերջի հանդէսը, որուն աւարտին երկրորդականի ու նախակրթարանի աշակերտները ստացան վկայական:

Հանդիսութեան ներկայ էին քահանայ հայրեր, գիւղի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, Ուսումնական խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, մշակութային, բարեսիրական, մարզական գաղութային միաւորներու շրջանային կազմերու անդամներ, «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, վարժարանի խնամակալութիւնը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ծնողներ ու հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը:

Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, «Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք» պատկերաւոր բեմականութեան ճամբով ներկաներուն մատուցուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի կոչը, հայ մօր սիրտին մէջ բաբախող ռազմի փողին արձագանգը, Մայր Հայաստանի կոթողի կանգնեցումն ու զինուորագրեալներու ուխտը. ապա հնչեց Սարդարապատի ղօղանջը, որուն կշռոյթին տակ նախակրթարանի ու քոլեճի երեսունչորս շրջանաւարտներ բեմ բարձրացան:

Բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ այս հանդէսը նկատեց ոչ միայն վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն, այլեւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակի, արցախեան գոյապայքարի 20-ամեակի, ինչպէս նաեւ հայ մօր արժանիքները գերադրող տօնակատարութիւն:

«Մօր կանչով սերունդներ կ՛արեգակեն 28 մայիսը, Մուսա Լերան կատաղի փրկութիւնը կը տօնեն, կ՛երազեն Անին խլուած, լքուած գաւառներու վերադարձի խարոյկը կը բոցավառեն, վերադարձի այդ խարոյկին ուխտագնացները կ՛ըլլան, ի վերջոյ կը ծաղկին, իբրեւ Արցախի սարերէն պոռթկացող կակաչներ` կը դառնան հայկական բանակ եւ բռնկած գունդեր պահանջատիրութեան», ըսաւ տնօրէնը:

«Ազատ երկինքի տակ» խորագրուած բաժինով նախակրթարանի Ա.-Բ. եւ Ե.-Զ. դասարաններու պարախումբերը ներկաներուն յաջորդաբար մատուցեցին ազգագրական պարերէն «Փապուրի»-ն եւ Մուսա Լերան աւանդական «Լորկէ»-ն (երգչախումբի ու պարախումբի ղեկավար` վարժարանի գեղարուեստի դասատու Սարգիս Պարսամեան): Այնուհետեւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ երգչախմբային կատարումները նոյնպէս խանդավառութիւն ստեղծեցին, երբ Ա.-Ե. դասարանները մատուցեցին «Բարձրիկ Հայաստան», «Մօր կանչը» համադրութիւնը, «Տեսնեմ Անին» եւ «Հայկական բանակ» երգերը, որոնք մէկտեղուած էին «Մայր Հայաստան եւ Անին խլուած» ենթավերնագիրին տակ, որ եզրափակուեցաւ Թ.-ԺԱ. դասարանի աշակերտներու պարային ելոյթով` ներկայացնելով «երիտասարդ ուխտագնացներ»-ու «Ծաղկաձորի»-ն:

Հանդիսութեան պատգամախօսն էր վարժարանի շրջանաւարտ, Համազգայինի հրատարակչատան ու գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ պահը խորհրդաւոր համարելով` զայն նմանցուց բերքահաւաքի, որուն բերկրանքը կը բազմապատկուի եւ կը վերածուի ժողովրդային տօնի, երբ բերքը առատ է ու որակաւոր: Պատգամախօսը անդրադարձաւ վարժարանի առաքելութեան, «որուն դերակատարութիւնը աշխարհատարած է, իսկ երթը` համակող ու ոգեշնչող», վկայելով, որ շրջանաւարտներու պատկառելի թիւ մը ներկայութիւն է հայ կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ իր ստանձնած պատասխանատուութիւններով ու ծաւալած գործունէութեամբ:

Ան շրջանաւարտներուն ուղղելով իր գօտեպնդիչ խօսքը` ըսաւ. «Դուք պարտաւոր էք մնալու ամուր, ձեր վահանն ու զէնքը պիտի դառնան ձեր վարժարանէն ստացած դաստիարակութիւնը: Եղէք ինքնուրոյն, բացէք ձեր ճամբան, ձեր քայլերը թող որ միշտ ըլլան հաստատ ու նպատակասլաց: Ձեր խօսքը թող ունենայ ձեր գլխագիր ստորագրութիւնը: Ձեր կեանքը իմաստաւորեցէք ձեր կենարար գործով, ձեր մաքուր ու անբիծ նկարագիրով եւ հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներու նկատմամբ ձեր ցուցաբերած մեծ գուրգուրանքով»:

Պատգամախօսը ընդլայնեց իր ընդգծած եզրերը` «Ամբողջական մասնակցութեամբ կ՛ապահովուի այս գիւղի գոյերթի շարունակականութիւնը, զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը, նաեւ` համահայկական ճառագայթումը»:

Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ համադրուած աշխատանքի ճամբով կը կերտուի յաղթանակը Հայ դատի պայքարին, որ կ՛ամրապնդէ սփիւռք-հայրենիք անքակտելի կապը, «Եւ իբրեւ այդպիսին` քանի մը տարի առաջ այս գիւղէն հնչեց շեշտադրումը միասնութեան. առ այդ, ի խնդիր մեր մեծ պայքարին ու Այնճար հայաւանի համահայկական դերակատարութեան` այս անգամ եւս հաւաքաբար պիտի աշխատինք ու հունաւորենք մեր գործը»:

Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Հաւաթեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, վարժարանի իւրաքանչիւր միաւոր, ինչպէս նաեւ` ծնողներն ու բոլոր ներկաները:

«Սարերը ներկած «Կարմիր, բայց սեւ…»» կակաչները ուրուագծեցին պատկերը արցախեան խռովքին: Աշակերտական ներկայացումը շարունակուեցաւ Գ.-Դ. դասարաններու «Թամուր աղա»-ի (հերոսը ճանապարհելու ժամանակ) ազգագրական պարով, իսկ նախակրթարանի Զ. դասարանը ասմունքեց հայոց լեզուի ուսուցչուհի Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի Արցախի գոյապայքարին առթիւ գրած «Մեր սարերը» վերնագրուած բանաստեղծութիւնը, որուն աւարտին, իբրեւ անակնկալ, Զ. դասարանի անունով բեմ հրաւիրուեցան «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչն ու վարժարանին տնօրէնը, որպէսզի տնօրէնին ձեռամբ «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչին յանձնուի Արցախի վերաշինութեան ու վերաբնակեցման համար դասարանէն հանգանակուած գումարը, որ զետեղուած էր գանձանակի մը մէջ:

Թ.-ԺԱ. դասարաններու պարախումբը ներկայացուց «Ալաշկերտի քոչարի»-ն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխումը, որ խրախուսիչ պատկեր մը պարզեց ներկաներուն դիմաց, երբ մրցանակակիրներու թիւը հասաւ ութսուներեքի:

Տնօրէնը մրցանակաբաշխման առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան դպրոցի վերելքին ու իրենց նիւթական ներդրումը կ՛ունենան այս կրթօճախի զարգացումին:

ԺԲ. դասարանի շրջանաւարտները ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կանք ու կը մնանք» եւ «Հեռանկար» բանաստեղծութիւնները, ապա, Է.-Ը. դասարաններու աշակերտներու մատուցած «Ինն ոտք» եւ «Կըտկըտիկ» պարերը դարձան եզրափակիչ բաժինը գեղարուեստական հանդիսութեան, որուն ամբողջ տեւողութեան ներկաները հմայուած մնացին ու խանդավառ ծափողջոյններով քաջալերեցին աշակերտներու բեմական ներկայացումները:

Տեղին է նշել, որ հաղորդավարներու արտասանած խօսքերուն ճամբով հանդէսի գեղարուեստական բաժինը ունեցաւ իր իւրայատուկ փայլը` պատգամը փոխանցելու հայրենիքի ազատ ու անկախ կերտումին ու անոր հզօր պետականութեան:

Հրաժեշտի հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն խօսքեր փոխանցեցին աւարտական դասարանի աշակերտներ` Անուշ Թասլաքեան, Սէրլի Պաթուզեան, Գարին Չեքիճեան, որոնք իրենց կարգին ընդգծեցին վարժարանին հոգածութիւնը, սէրն ու գուրգուրանքը:

Հանդէսի վկայականաց բաշխման առիթով տնօրէնը իր խօսքը ուղղեց նախակրթարանի աւարտականներուն` անոնց ուշադրութեան յանձնելով, թէ գալիք հանգրուանը անոնց առջեւ կը բանայ բնախօսական ու կրթական առիթ մը` անհատականութիւն ուռճացնելու եւ հոն խրոխտ շեշտեր դնելու առումով: «Արժէքներ, զորս այս վարժարանը կը դաւանի, պէտք է սերտաճի ձեր անհատականութեան մէջ: Այդ արժէքները կը բխին աւելի քան 1700-ամեայ մեր հաւատքէն, մեր հարուստ մշակոյթէն, հայոց պատմութենէն, մեր գիւղի աւանդութիւններէն եւ այս վարժարանի ուսումնակրթական ազգային տեսլականէն»: Իսկ երկրորդականի շրջանաւարտները յորդորեց. «Հիմա որ այս ամրոցէն դուրս կու գաք, յատկապէս վճռորոշ պահերու, քաջութիւնը պիտի ունենաք «ներկայ» ըսելու, ձեր ներկայութիւնը հաստատելու թէ՛ կեցուածքով, թէ՛ վերաբերումով եւ թէ՛ ալ աշխատանքով ու պայքարով. յանկարծ չըլլայ թէ կծկուիք…». հաստատելով, որ` «մեր ազգային գօտեմարտը ներկայութեան պատրաստ փաղանգներու պէտք ունի»: Իր խօսքի աւարտին ան յաղթական երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն:

Ամավերջի հանդէսը փոխանցեց նաեւ պերճախօս ու երախտապարտ վկայութիւն մը, երբ տնօրէն Արմէն Թաշճեան, պատուելու համար վարժարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէն Վիքթորիա Հերկելեանը, բեմ հրաւիրելով զայն` ըսաւ. «Գործունէութեան իբրեւ ուղենիշ` Վիքթորիա Հերկելեանը հարուստ աւանդ մը կը փոխանցէ բոլորիս. աւանդ մը, որ ազգային կրթութեան հաւատամքը կը կազմէ»: Անդրադառնալով անոր դասաւանդութեանց ու փոխանցած դաստիարակութեան` տնօրէնը վարժարանի մեծ ընտանիքին վկայեց, թէ ան բեղուն գործունէութեամբ մը ինքզինք նուիրաբերած է մատղաշ սերունդներու եւ այդ նուիրաբերման մէջ արդար հպարտութեամբ գօտեպնդած է բոլորը:

Տնօրէնը բեմ հրաւիրեց նաեւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ վարժարանին յուշանուէրը յանձնեց Վիքթորիա Հերկելեանին:

Երախտագիտական ջերմ զգացումներ նոյնպէս հնչեցին բեմէն` ուղղուած ֆրանսերէնի ու արաբերէնի դասատու Ղատա Թաթինեանին, որ հակառակ հանդէսէն իր բացակայութեան` ջերմ ողջոյններով հրաժեշտ կու տար իր սիրելի կրթօճախին, «հոն ձգելով տրոփող վաստակ մը` աւելի քան քառորդ դարու ուժգնութեամբ»: Տնօրէնը հաստատեց. «Ջանասէր ու պարկեշտ, սակայն խստապահանջ աշխատանքի հրամայականին առջեւ Ղատա Թաթինեան եղաւ մեր հոգատար դասատուն»:

Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հօր, քաղաքապետին, օրուան պատգամախօսին, Վիքթորիա Հերկելեանին եւ տնօրէնին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականներու հանդիսաւոր բաշխումը, որմէ ետք սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը:

Ան ոգի, միտք ու նկարագիր ապացուցող երեւոյթ որակեց ամբողջ հանդիսութիւնը եւ անդրադառնալով դաստիարակութեան էական նշանակութեան ու եզրին` հաստատեց. «Եթէ մեր ժողովուրդի ապագան հայ մօր ձեռքին մէջ է, ուրեմն այստեղէն իսկ ազգային վարժարանը կը դաստիարակէ ապագայ տիպար հայ մայրը, այն համոզումով, որ նոյնիսկ ադամանդը մշակումի կը կարօտի հասնելու համար իր իսկական արժէքին»:

Սրբազան հօր պատգամը բովանդակելով հանդիսութեան ընդգրկուն թեման` վեր առաւ նաեւ Մուսա Լերան հերոսական ոգի ունեցող ժողովուրդի արժանիքները: Ան շեշտադիր հրամայականի մը փոխանցումով եզրափակեց իր պատգամը` յայտնելով. «Մուսալեռնցիութիւնը դաստիարակութեամբ կը պահուի»:

Այնուհետեւ հրավառութեամբ ու շնորհաւորանքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը, իսկ տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ խանդավառ հաւաքոյթով մը` մինչեւ առաւօտեան ժամեր:

Վկայական ստացան.

Զ. դասարան

Արփա Ռիթա Սարգիսեան, Ալագեազ Մեթլեան, Ալեքս Գասամանեան, Անժելիքա Սգայեան, Պարոյր Սթանպուլեան, Խորէն Գույումճեան, Սարօ Զէյթլեան, Շանթ Քէօրիւքճեան, Վարագ Քէօշէեան, Գարոլ Քենտիրճեան, Գարինա Աշգարեան, Քրիստափոր Փեհլիվանեան, Լարա Գարակէօզեան, Լեւոն Ղուկասեան, Մարիամ Թասլաքեան, Մաքրուհի Զէյթունլեան, Մակի Քենտիրճեան, Միքայէլ Հաճեան, Յարութ Բարսեղ Սգայեան, Յակոբ Չափարեան, Հրակ Գէօհիւլեան, Յովիկ Թասլաքեան:

ԺԲ. դասարան

Արին Պուրսալեան, Ալին Կէօքճեան, Ալին Քենտիրճեան, Տաթեւ Ադամեան, Գառնի Տիլապազեան, Անուշ Թասլաքեան, Աւետիս Քէօֆթէեան, Խաչեր Հաճեան, Սէրլի Պաթուզեան, Գարին Չեքիճեան, Լալէ Անտոնեան, Յովնան Քէշիշեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )