Տը Ռոսսի Մեծ Յոյսեր Կը Կապէ Այս Տարի Ռոմայի Արձանագրելիք Արդիւնքներուն Հետ

Տանիել Տը Ռոսսի

Իտալական Ռոմա ակումբի միջնապահ Տանիել Տը Ռոսսի խօսեցաւ այս տարի Ռոմայէն սպասուած արդիւնքներուն մասին:

Ան ըսաւ, որ Ռոման կարողութիւնը ունի իր գլուխը բարձր պահելու այս տարուան իտալական ախոյեանութեան մէջ` մոռցնել տալով համակիրներուն վերջին տարիներու անյաջողութիւնները:

Տը Ռոսսի հաստատ խօսքերով ըսաւ, որ խումբը շատ լաւ կը պատրաստուի յառաջիկայ մրցաշարքերուն: Ան աւելցուց ըսելով, որ խումբին կը պակսի ոգեւորութիւնը, սակայն մէկ երկու յաղթանակէ ետք այդ ոգեւորութիւնը կը վերադառնայ խաղացողներուն:

Իր խօսքի աւարտին ան անդրադարձաւ հոլանտացի Քեվին Սթրութմընի, որ հոլանտական ՓՍՎ-ն լքելով միացաւ Ռոմայի: Ան ըսաւ, որ Սթրութմըն հիանալի ֆութպոլիստ է, եւ բոլորն ալ գիտեն այդ մէկը եւ կը տեսնեն իր կատարած դերը Հոլանտայի հաւաքականի խաղերուն: Ան եզրափակեց ըսելով, որ Սթրութմըն կրնայ թէ՛ յետսապահի եւ թէ՛ յառաջապահի դերերը կատարել եւ անոր միանալը ակումբին շատ կարեւոր ձեռքբերում էր:

 

Share this Article
CATEGORIES