«Ապպաս Աուատ Եւ Ուիսամ Սալեհ Միացան Անսարի»

ԵրԷկ` չորեքշաբթի, 31 յուլիսին Լիբանանի «Շապապ Արապի» խումբէն երկու խաղացողներ` Ապպաս Աուատ եւ Ուիսամ Սալեհ միացան Անսար ակումբին:

Ակումբին պատասխանատուները յայտնեցին, որ այս երկու երիտասարդ խաղացողներու միացումը խումբին շատ մեծ առաւելութիւն է Անսարի համար:

Յայտնենք, որ այս երկու խաղացողներն ալ միջնապահներ են, մէկը դաշտին աջ կողմը, իսկ միւսը` ձախ: Անոնք նաեւ մաս կը կազմեն Լիբանանի երիտասարդներու հաւաքականին:

Մինչ այդ, Անսարի մօտ ուրիշ պրազիլցի խաղացողներ փորձի մէջ են եւ անոնցմէ լաւագոյնները պիտի միանան ակումբին:

Խումբի պատասխանատուներէն Ապպաս Հասան ըսաւ, թէ այս բոլորը կատարելով իրենք շատ լաւ ձեւով կը պատրաստուին այս տարուան ախոյեանութեան խաղերուն եւ իրենց նպատակն է վերադառնալ փառքի օրերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES