Նէյմար. «Վերջապէս Երազս Իրականացաւ»
Պարսելոնայի պրազիլցի նոր մարզիկ Նէյմար իր առաջին խաղը կատարեց Պարսելոնայի հետ, երբ դաշտ ներկայացաւ 79-րդ վայրկեանին Լեխիայի դէմ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:
Ան խաղէն ետք ըսաւ, որ իր երազը արդէն իրականացաւ, երբ Պարսելոնայի շապիկը կրած դաշտ ներկայացաւ եւ մանաւանդ երբ միեւնոյն ժամանակ Մեսսիին կողքին դաշտին վրայ ներկայ գտնուեցաւ:
Ան ըսաւ նաեւ, որ իր դիմաց երկար ժամանակ ունի, որ իր լաւագոյնը տայ խումբին եւ իր կարելին ընէ խումբի յաջողութեան համար:
CATEGORIES Մարզական