«Էն. Պի. Էյ.»-ի Առաջին Կէտը Նշանակողը Ոչ Եւս Է
Միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, Նիւ Եորք Նիքսի նախկին պասքեթպոլիստ Օսքար «Օսսի» Սքեքթմըն, որ նշանակած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաջին կողովը, մահացաւ 94 տարեկանին` շնչառութեան խանգարման պատճառով:
Ան առաջինն էր, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի անդրանիկ խաղին մէջ` 1 նոյեմբեր 1946-ին, Նիւ Եորք Նիքս եւ Թորոնթօ Հասքիզ խաղի ընթացքին նշանակեց այս մրցաշարքի պատմութեան առաջին կէտը:
Պէտք է նշել, որ այդ թուականներուն մրցաշարքը «Էն. Պի. Էյ.»-ի (Նեշընըլ Պասքեթպոլ Էսոսիէյշըն) փոխարէն «Պի. Էյ. Էյ.» (Պասքեթպոլ Էսոսիէյշըն աֆ Ամերիքա) կը կոչուէր:
CATEGORIES Մարզական


