Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ ներկայիս Դամասկոսի մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ կը համարուի: Անցնող օրերուն սուրիական բանակը զինուորական գործողութեան դիմած էր մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններէն Ղութայի եւ Ժոպարի մէջ` կարգ մը թաղամասերու վերատիրանալու համար:

Մերթ ընդ մերթ կը լսուին ձայները պատերազմական օդանաւերու եւ թնդանօթներու հարուածներու, որոնք ուղղուած են զինեալներու կեդրոններուն: Բախումներ արձանագրուած են նաեւ Եարմուք գաղթակայանի շրջանին մէջ եւ Քարաժաթ Ապպասիին թաղամասէն անդին:

Հրասանդի հրթիռներու հարուածները տակաւին կը խանգարեն որոշ խաղաղ թաղամասերու անվտանգութիւնը:

Միւս կողմէ, Դամասկոսի կեդրոնի թաղամասերուն եւ շուկաներուն մէջ աշխուժութիւն կ՛արձանագրուի` առ ի պատրաստութիւն Ֆիթրի տօնին:

Յայտնենք, որ Դամասկոսի մէջ հայերը կ՛ապրին տարածուած թաղամասերու մէջ, եւ մայրաքաղաքի բնակիչներուն նման կը շարունակեն նոյն իրավիճակին մէջ մնալ` դիմագրաւելով ապրանքատեսակներու գնաճ եւ տնտեսական տագնապ: Վերջին շրջանին դամասկահայերու հետ կապուած միջադէպեր չեն արձանագրուած:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )