Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտնէ. Մոսկուա Սնոուտընը Յանձնելու Վերաբերեալ Ուաշինկթընէն Պաշտօնական Պահանջ Չէ Ստացած

Էտուըրտ Սնոուտըն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հարցերու պատասխանատու Քոնսթանթին Տոլկով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընը արտայանձնելու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներէն պաշտօնական պահանջ չէ ստացած:

«Երէկուան դրութեամբ նման հայց չէ եղած: Որեւէ իրավիճակի մէջ, որ միջազգային հնչեղութիւն ունի, մենք կ՛իրականացնենք մեր միջազգային պարտաւորութիւնները: Հոն, ուր պարտականութիւններ ունինք, մենք ատիկա կը կատարենք: Իսկ հոն, ուր չկան` մենք չենք յօրիներ», ըսած է դիւանագէտը:

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Ռուսիայէն  պահանջած են Սնոուտընը յանձնել` պնդելով, որ Մոսկուայի պահանջով Միացեալ Նահանգներ բազմաթիւ ռուսեր յանձնած են: Սակայն ըստ Տոլկովի, Միացեալ նահանգներ այդ մարդոց ցուցակը չեն կրցած ներկայացնել:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ մեծ տարբերութիւն կայ արտայանձնման եւ արտաքսման միջեւ: Ըստ անոր տուեալներուն, Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ պահանջով ոչ ոք արտայանձնած են:

«Որքան ինծի ծանօթ է, Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ այդպիսի դէպքեր չեն եղած: Իսկ մարդոց կ՛արտաքսեն ոչ թէ Ռուսիոյ պահանջով, այլ որովհետեւ անոնք խախտած են Միացեալ Նահանգներու օրէնքները: Այս երկու հարցերը պէտք չէ շփոթել», ըսած է Տոլկով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )