Ըստ Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարին. Թուրքիա Հէյպելի Կղզիի Դպրեվանքը Վերաբանալու Հարցը Կը Քննարկէ
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Սատուլլա Էրկին յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը Հէյպելի կղզիի մէջ գտնուող յոյն ուղղափառներու դպրեվանքը վերաբանալու հարցը կը քննարկէ: Նշեալ դպրեվանքին վերաբացումը Թուրքիոյ յոյն համայնքին երկարատեւ պահանջն է:
Յոյներու պատրիարքութիւնը Լոզանի դաշնագիրին հիմամբ միջազգային օրէնքի պաշտպանութեան տակ եղող կառոյց մըն է: Պատրիարքութիւնը երկար ատենէ ի վեր կը գանգատի Հալքի դպրեվանքի կարգավիճակին, ինչպէս նաեւ այլ կալուածներու հարցերուն վերաբերեալ:
Տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս շարունակ յայտնած է, որ դպրեվանքի վերաբացումը յոյն ուղղափառ հոգեւորականութեան յարատեւութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի:
1844-ին Պոլսոյ մօտ գտնուող Հէյպելի կղզիին վրայ կառուցուած Հալքի դպրեվանքը փակուեցաւ 1971-ին որդեգրուած օրէնքի մը հիմամբ, որ կրօնական եւ զինուորական կազմաւորման դասընթացքները կը զետեղէր պետութեան վերահսկողութեան տակ:
Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգներ յաճախ կը քննադատեն Թուրքիան Հալքի դպրեվանքը չվերաբանալուն համար:
Էրկին երէկ պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Հալքի դպրեվանքի վերաբացումը (նոր սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստութեան ընթացքին) ներկայիս քննարկուող բազմաթիւ նիւթերէն մէկն է: Բոլորս արդիւնքը պիտի տեսնենք: Քաղաքական որոշում մըն է: Հալքի դպրեվանքը կրնայ վերաբացուիլ»:


