«Ժընեւ-2»-ի Մասնակցութեան Կը Զօրակցինք, Պայմանաւ Որ Վարչակարգին Հետ Բանակցութիւնը Աւարտի Ժամկէտ Ունենայ» Ըսաւ Ժարպա

Ահմետ Ժարպա

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ասի Ժարպա Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք քաթարական «Ռայա» օրաթերթին յայտնեց, որ իշխանը վստահեցուցած է, որ Քաթար կը շարունակէ սուրիացի ժողովուրդին քաղաքական եւ զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել եւ «սուրիացի ժողովուրդին ու յեղափոխութեան կողքին պիտի ըլլայ մինչեւ յաղթանակի կերտումը»:

Ժարպա յայտնեց, որ ինք իր ղեկավարած համաձայնական մարմինին «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցութեան գաղափարին կը զօրակցի, պայմանաւ որ վարչակարգին հետ բանակցութեան աւարտի ժամկէտ ճշդուի:

Ան նշեց, որ ընդդիմութեան կողմէ ժամանակաւոր կառավարութեան կազմութիւնը պիտի յայտարարուի օգոստոսի սկիզբը:

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ «Սուրիա կը հաւատայ, որ քաղաքական լուծումը տագնապին վերջ տալու միակ միջոցն է, սակայն հայրենիքն ու քաղաքացիները պաշտպանելու Սուրիոյ բանակին առաքելութիւնը չի հերքեր»:

Ան նշեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը Հալէպը իր սրտին ու մտքին մէջ դրած է եւ անոր ու բնակչութեան կացութեան ժամ առ ժամ կը հետեւի»` աւելցնելով, որ «Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները նախագահ Հասան Ռուհանիի ղեկավարութեան տակ աւելի սերտ ու համագործակցական բնոյթ պիտի ստանան»:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան համաձայն գտնուած է Դամասկոսին 3.6 միլիառ տոլարի քարիւղ տրամադրելու` փոխարէնը ստանալով պատերազմէն աւերուած երկրին մէջ ներդրումներ կատարելու իրաւունքը:

Համաձայնագիրը ստորագրուած է երեքշաբթի օր` Թեհրանի մէջ, երկու երկիրներու կեդրոնական դրամատուներու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Share this Article
CATEGORIES