ՔԱԿ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Յառաջ Մղումին Համար Թուրքիոյ Մինչեւ 1 Սեպտեմբեր Պայմանաժամ Մը Կը Ճշդէ

«Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս ամսուան ընթացքին ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի իբրեւ տեղակալ ընտրուած Ճեմիլ Պայըք յայտնած է, որ թրքական կառավարութիւնը մինչեւ սեպտեմբեր պէտք է քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ շօշափելի քայլեր որդեգրէ, այլապէս թշնամական արարքներու վերադարձի վտանգը պիտի դիմագրաւէ: «Այսուհետեւ քայլեր պէտք է որդեգրուին: 1 սեպտեմբերը պայմանաժամն է», ըսած է ան:

«Եթէ մինչեւ, սեպտեմբեր քայլեր չառնուին, ապա պիտի հասկցուի, որ նպատակը խաղաղութիւնը չէ… Այդ պարագային ազատութեան շարժումն ու քիւրտ ժողովուրդը իրենք զիրենք պիտի պաշտպանեն», ընդգծած է Պայըք:

Share this Article
CATEGORIES