Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր մերժեց նախկին նախարար Միշել Սըմահան ազատ արձակելու նպատակով ներկայացուած պահանջը: Միւս կողմէ, Սաքըր բանակի գաղտնի սպասարկութենէն ստանձնեց Ահմետ Ասիրի թիկնապահ Ալի Ապըտ Ուահիտը եւ ամբաստանեց զայն ու փախուստ տուած երկու յանցագործներ` Ապրայի դէպքերուն յանցանքով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ յայտնեցին, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Հերմելի մէջ բանակի անցարգելին մօտ ական զետեղող գլխաւոր յանցագործը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ իրենք դէմ չեն Լիբանանի կառավարութեան Հըզպալլայի մաս կազմելուն, եթէ անոր մասնակցութեան շուրջ համախոհութիւն գոյանայ: Ան աւելցուց, որ այս հանգրուանը կ՛ենթադրէ, որ երկրին ղեկավարները կազմեն ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Դանիոյ դեսպան Ժան Քրիսթընսըն շեշտեց, որ արդար չէ Լիբանանը նկարագրել այնպէս մը, որ ան կը գտնուի քաղաքացիական պատերազմի սեմին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի անդամ երկու զինուորներ վիրաւորուած են Մաժտալ Այնճարի մէջ կատարուած ներխուժումի մը ընթացքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի Հըզպալլան ամբաստանեց կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու յանցանքով: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը խանգարէ` կառավարութեան մաս կազմելու իր կեցուածքին կառչած մնալով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ քաղաքական ուժերը պէտք է միասնականութեամբ գործեն` աւելցնելով, որ ոչ ոք պէտք է պատճառ դառնայ, որ իրենք այս կամ այն կողմը շեղին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի կառավարութեան մէջ ոմանք փափաքած են, որ Իսրայէլ հասնի իր նպատակին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ հաստատեց, որ ներկայ հանգրուանին անկարելի է կառավարութիւն մը կազմել:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Կեպի Լայեուն յայտնեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հակասահմանադրական քայլ մըն է, որմէ ապօրինի հետեւանքներ դուրս պիտի գան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ նշեց, որ այս օրերուն կը վկայենք լիբանանեան պետութեան փլուզումը եւ կարելի չէ այս ձեւով շարունակել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէն, շեշտեց, որ անհրաժեշտ է սպասել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այսօրուան, ինչպէս նաեւ  Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վաղուան ճառերուն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը երաշխիք մըն է, որ բանակին եւ երկրին կացութիւնը մնան առողջ եւ կայուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )